Ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Վալոդյա Ֆրանգուլեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց այս օրերուն սահմանագիծին վրայ կռուող ըմբիշներուն:
«Մեր ըմբիշները կը կռուին սահմանին վրայ ազերիներուն եւ թուրքերուն դէմ` յանուն մեր խաղաղութեան: Հպարտ ենք ձեզմով, տղե՛րք ջան», ըսաւ Հայաստանի հաւաքականին ըմբիշը` հրապարակելով ազատ ոճի ըմբիշներ Դաւիթ Յարութիւնեանի եւ Դաւիթ Յովհաննիսեանի լուսանկարը: