Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախկին Նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Եւ Ռոպերթ Քոչարեան Կը Փափաքին Մոսկուա Այցելել

Հոկտեմբեր 31, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան կը փափաքին երթալ Մոսկուա` ռուս պատասխանատուներու հետ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու եւ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք Հայաստանի կառավարութեան` ստեղծուած իրավիճակէն ճշգրիտ լուծումներ առաջարկելու համար: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց վարչապետի մամլոյ բանբեր Մանէ Գէորգեան:

«Ի պատասխան լրատուամիջոցներու հարցումներուն կը տեղեկացնեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը 20 հոկտեմբերին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին տեղեկացուցած են, որ Հայաստանի առաջին եւ երկրորդ նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը եւ Ռոպերթ Քոչարեանը կը փափաքին այցելել Մոսկուա` ռուս քաղաքական ներկայացուցիչներու հետ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու եւ քննարկումներուն հիմամբ Հայաստանի կառավարութեան ստեղծուած իրավիճակէն յստակ լուծումներ առաջարկելու համար», յայտնեց Գէորգեան:

Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահները առաջարկեցին, որ հաւանական այցելութեան արդիւնքները քննարկուած են Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին եւ ներկայ ղեկավարներու հանդիպման ժամանակ:

«Վարչապետ Փաշինեան, ընդգծելով, որ չի կրնար խոչընդոտ հանդիսանալ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի հաւանական որեւէ քայլի` համաձայնած է առաջարկին», նշեց Մանէ Գէորգեան:

Աւելի ուշ Հայաստանի նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակները արձագանգեցին իրենց Մոսկուա մեկնելու վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ բանբեր Մանէ Գէորգեանի գրառումին:

Ըստ «Իլուր» կայքին` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մամլոյ բանբեր Արման Մուսինեան այս մասին գրեց. «Հիմա մեր երկիրը կը գտնուի  պատերազմական բարդ իրադրութեան մէջ, եւ աւելորդ տարըմբռնումներէ ու շահարկումներէ խուսափելու նպատակով, այս հարցին մենք հանգամանալից պարզաբանում պիտի տանք միայն ճգնաժամի աւարտէն  յետոյ»:

Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մոսկուա մեկնելու առաջարկը Ռ. Քոչարեանին ներկայացուած է Լեռնային Ղարաբաղի 2-րդ եւ 3-րդ նախագահներուն կողմէ, սակայն «Քորոնա»-ով վարակուած ըլլալուն պատճառով ան ժամանակաւորապէս չի կրնար մեկնիլ Մոսկուա:

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Ընդունեց Պելճիքացի Երեսփոխաններու Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Ժընեւի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Մնացականեան-Պայրամով Հանդիպումը

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?