Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Զինուորին» Համար

October 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌԻ-Ի ԱՆԴԱՄ

ԱՌԻ-ի տնօրէն խորհուրդի ժողովները, «Քովիտ-19» ժահրի համաճարակին պատճառով, վերջին շրջանին կ՛ընթանային «Զում» հանդիպումներու դրութեամբ: Նախքան ժողովի սկսիլը, զաւակէս կը խնդրէի, որ կապի նախապատրաստական աշխատանքը դասաւորէ: Վերջընթեր ժողովէն ետք, երբ արդէն բռնկած էր Արցախի նորօրեայ գոյամարտը, փակ սենեակէն դուրս եկայ, զաւակս սովորականէն դուրս ինծի հարց տուաւ, թէ այս ծանր ու նուիրական պատերազմական պահուն ի՛նչ որոշեցինք: Ան քիչ թէ շատ գաղափար ունի ԱՌԻ-ի գործունէութեան մասին, գիտէ, որ անիկա ներդրումային ընկերութիւն է, աւելի քան տասը տարիէ ի վեր Արցախի մէջ կ՛իրագործէ շինարարական եւ գիւղատնտեսական ծրագիրներ:

«Հերոս հայ զինուորին համար ի՞նչ որոշեցիք», ան հաշուառուի պէս կրկին հարց տուաւ ինծի:

Ժողովի ընթացքին որոշեր էինք ներդրումային ծրագիրէն, որ ԱՌԻ-ի բնոյթն էր, շեղում կատարել, եւ մեր միջեւ կայացած նուիրահաւաքով կոկիկ գումար մը ղրկել Արցախ: Որոշումը վաւերացուած էր:

Յաջորդ առաւօտեան ես յայտարարեցի իմ նուիրատուութիւնս մեր նախորդ օրուան որոշումը խրախուսելու նպատակով: Երեկոյեան խորհուրդի ընդհանուր ժողովին, որուն կը մասնակցէին ընկերներս եւ ԱՌԻ-ի երիտասարդական կազմը, անոնք ինձմէ աւելի համարձակ եւ աւելի բարձր գումարներով նուիրատուութիւն կատարեցին: Առաւել` խոստացան իրենց շրջապատին մէջ կազմակերպել, այս նպատակին համար նուիրատուութիւններ:

Զաւկիս` ինձմէ պահանջած հաշուետուութիւնը, թէ այս նուիրաբերութեան պահուն «ի՛նչ կատարեցի», եւ ընկերներուս ու մանաւանդ երիտասարդ անդամներու գնահատելի մօտեցումը ինծի պարտադրեցին կրկնապատկել, յայտարարած գումարս` բաւարարելու համար զաւկիս կամքը եւ ընկերներուս հետ համահունչ ըլլալու փափաքս:

Արցախի այս ցաւալի եւ միաժամանակ հպարտառիթ երեւոյթը մեզ կը դնէ պատմական պահանջներու առջեւ. հրաշալի օրինակներ եւ ամրագրումներ կան: Երիտասարդներուն, բանակին անմնացորդ նուիրաբերումը, մեր միասնական մասնակցութիւնը, օտարին չապաւինելու եւ մենք մեզի վստահելու փաստը:

Սփիւռք-հայրենիք միասնականութեամբ եւ միասնական միջոցներով զօրավիգ կանգնինք ԱՐՑԱԽ-ին:

Տանք առաւելագոյնը եւ հաշիւ պահանջենք մենք մեզմէ, որպէսզի ամօթով չմնանք: Հպարտ քալենք սերունդներուն առջեւ, սահմանին վրայ կենաց մահու պայքար մղող երիտասարդներուն առջեւ: Մնանք հպարտ, մեր գլուխները բարձր, ինչպէս հայ զինուորին պահուածքը` առաջնագիծին վրայ:

Փա՛ռք ու պատիւ մեր նահատակներուն:

Փա՛ռք ու պատիւ առաջնագիծին վրայ մարտնչող հայ զինուորին եւ կամաւորին:

Փա՛ռք ու պատիւ մեր նուիրական եւ իմաստուն առաջնորդներուն:

2 հոկտեմբեր 2020

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները, Իսկ Թուրքիոյ` Չխառնուելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին

Յաջորդը

Յակոբ Բագրատունի. «Այսօր Հայ Ժողովուրդը Արցախի Սահմանին Կը Պայքարի Թուրքիոյ Կողմէ Հովանաւորուող Միջազգային Ահաբեկչութեան Դէմ»

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.