Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Հետեւանքներու Դարմանումի Ծիրին Մէջ. Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Հրաւէրով` Ներկայացում Ցարդ Որդեգրուած Միջոցառումներու Գործընթացին

Սեպտեմբեր 24, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոսի ահաւոր պայթումի հետեւանքներու դարմանումի քայլերուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2020-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրաւէրով ընդլայնուած հանդիպում մը կայացաւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ներկայութեամբ պետական, զինուորական, ընկերային, տեղական թէ միջազգային կազմակերպութեանց եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու:

Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ողջունեց ներկաները եւ սեղմ տողերու մէջ անդրադարձաւ հանդիպումի նպատակին եւ արծարծուելիք հարցերուն (քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի խօսքը կու տանք առանձին):

Ապա յաջորդաբար խօսք առին «Արտակարգ շտապ օգնութեան գրասենեակ-»ի նախագահ, հազարապետ-զօրավար Սամի Հուայեք, ՄԱԿ-ի Մարդասիրական հարցերու համակարգումի գրասենեակի (ՕՉԱ) տնօրէն Սեվերին Ռէյ, Լիբանանի մօտ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ Թանիա Քրիսթենսընի ներկայացուցիչ Մոհամետ Մքալլետ, Գաղթականներու նորվեկիական խորհուրդի (Էն.Ար.Սի.) շրջանային տնօրէն Քարլօ Կերարտիի ներկայացուցիչ Մահա Այուպի եւ ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարի (Եու.Էն.Հեպիթեթ) ներկայացուցիչ Ուաէլ Սըննօ:

«Միասնաբար կերտենք մեր մայրաքաղաքը» նշանախօսքով, զօրավար Սամի Հուայեք անդրադարձաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած շրջաններու (ներառեալ` Պուրճ Համուտը) մէջ գործող ոչ կառավարական միութիւններու եւ կազմակերպութեանց նախաձեռնած փրկութեան, դարմանումի թէ օժանդակութեան ճիգերու համակարգումի գործընթացին: Հուայեք հանգամանօրէն թուեց այն հանգրուանային քայլերը, որոնց պէտք է դիմեն նշեալ միութիւնները` օրինական եւ հեզասահ կերպով գործելու համար: Ան նշեց այն պետական պաշտօնական հաստատագիրները, զորս նշեալ միութիւնները պարտին ներկայացնել «Արտակարգ շտապ օգնութեան գրասենեակ»-ին`  համապատասխան արտօնութիւն ստանալու եւ գրանցուելու համար: Զօրավար Սամի Հուայեք նաեւ շեշտեց որդեգրուող փրկարար ճիգերու ընդհանուր համակարգումի փութացումը, յատկապէս նկատի ունենալով կարգ մը մարտահրաւէրներ, որոնց առաջնակարգ դիրքի վրայ են` մօտալուտ ձմեռնային եղանակն ու անոր հետեւելիք հեղեղներու եւ փլուզումի ենթակայ շէնքերուն սպառնացող վտանգը: Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար զօրավար Հուայեք թելադրեց հեռաձայնել գրասենեակի թէժ գիծերուն (01/987001 ուաց-ափ + 01/990055 + 01/987002) եւ կամ հետեւիլ  շտապ օգնութեան նշեալ գրասենեակի կայքին` www.BeirutFER.com:

Ապա խօսք առաւ Սեվերին Ռէյ, որ անգլերէնով (եւ անմիջական արաբերէն թարգմանութեամբ) իր ցաւակցութիւնները յայտնեց պայթումին պատճառած զոհերուն համար եւ ապա թուեց ցարդ ՄԱԿ-ի համապատասխան մարմինին կողմէ մատուցուած սննդեղէնի, ջրաբաշխումի, առողջապահական, ապաստանարանի, նիւթական եւ առնչակից օժանդակութեանց թուական պատկերը եւ այս գծով յատկացուած պիւտճէն: Ռէյ ապաստարանի թէ բնակարանային վերաշինութեան աշխատանքները դասաւորեց երեք խումբերու` նուազ, միջին եւ ծանր վնասներ կրած շէնքեր ըսելով: Ան նաեւ շեշտեց նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին պատճառով հոգեպէս ազդուած ու վնասուած քաղաքացիներու եւ մանուկներու առողջական վիճակի դարմանումի անհրաժեշտութիւնը, որ առաջնակարգ կարեւորութեամբ հետապնդուած էր իր ներկայացուցած ՄԱԿ-ի պատկան մարմինին կողմէ: Նոյն ծիրին մէջ, Ռէյ յայտնեց, թէ յառաջիկայ հոկտեմբերի կէսերուն կ՛աւարտի վնասուած դպրոցներու իրավիճակի գնահատումն ու որդեգրուելիք համապատասխան քայլերու  ծրագիրը:

Իսկ Մոհամետ Մքալլետ եւ Մահա Այուպի մէջընդմէջ ներկայացուցին արձանագրուած աւերներու ընդհանուր պատկերն ու այս ծիրին մէջ Պուրճ Համուտի կրած վնասներու  համեմատութիւնը: Այս իմաստով վնասուած ընդհանուր 82 հազար շէնքերէն 19 հազարը կը գտնուին Պուրճ Համուտի մէջ: Նմանապէս` 247 հազար վնասուած անձերէն 56 հազարը կը բնակին Պուրճ Համուտի մէջ: Մքալլետ յայտնեց, որ կամաւոր աշխատողներու 7000-էն 600-ը լծուած էր Պուրճ Համուտի օգնութեան ճիգերուն: Ան նաեւ յայտնեց, որ այս գծով ճիգերու համակարգում կատարուած է նաեւ համալսարաններու կամաւոր ուսանողներուն հետ:

Իր կարգին, Մահա Այուպի ներկայացուց տարուող փրկարար եւ օժանդակութեան ճիգերը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ մեծ թիւով տեղական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ եւ կամաւորներ փութացած են օգնութեան` փութացնելով եւ դիւրացնելով տարուող փրկարար ճիգերը:

ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարի (Եու.Էն.Հեպիթեթ) անունով խօսք առաւ Ուաէլ Սըննօ, որ «Քաղաքային աւելի լաւ ապագայի համար» կարգախօսով անդրադարձաւ վնասուած շրջաններու, յատկապէս` Պուրճ Համուտի շէնքերու եւ կառոյցներու կրած աւերներու տարողութեան` հիմնուելով այս գծով պատրաստուած եւ ամբողջացած հարցախոյզի թերթիկներու տեղեկութեանց վրայ: Սըննօ յայտնեց, որ աշխատող պատկան խմբակը Պուրճ Համուտը բաժնած է գլխաւոր եօթը շրջաններու եւ քառասուն ենթաշրջաններու` մանրամասնելով Մարաշ, Ատանա եւ այլ փողոցներու ենթաշրջաններու պատկերը: Ուաէլ Սըննօ նշեց, որ ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարի մարմինը 2017-էն ի վեր լծուած է Լիբանանի լքուած,   լուսանցքայնացած վայրերու ուսումնասիրութեան եւ անոնց վերանայումի եւ բարեկարգումի ճիգերուն: Ան այս առիթով յիշեց, որ վնասուած շէնքերու եւ կառոյցներու իրավիճակի գնահատման աշխատանքը կատարուած է գործակցաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանութեան տարրերուն հետ: Ընդամէնը 3400 շէնքերէն վնասուած է 51 առ հարիւր համեմատութիւնը: Ան թելադրեց յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն  կամ դիմել հետեւեալ ե-հասցէին` coordinator.bourjhammoud@gmail.com:

Նշենք, որ իւրաքանչիւր զեկուցաբեր իր խօսքի աւարտին պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան յատուկ հիւրասիրութեան:

 

Նախորդը

Ժողովրդային Մասնակցութեամբ. Ընթացք Առաւ «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» Ծրագիրը

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Է Անցնիլ Տրուած Խոստումներու Գործադրութեան Փուլին» Կ՛ըսէ Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?