Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդային Մասնակցութեամբ. Ընթացք Առաւ «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» Ծրագիրը

Սեպտեմբեր 24, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2020-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ընթացք առաւ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի կազմակերպած «Անվճար հագուստի աշխարհ» ծրագիրը: Յաջորդական չորս օրերու ընթացքին, Բաժանմունքը անվճար կերպով մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ կը դնէ բոլորովին նոր կամ լաւ վիճակի մէջ գտնուող տարբեր տարիքներու վերաբերող հագուստեղէններ, որոնք անցնող ամիսներուն հաւաքուած են անհատներու եւ հաստատութիւններու նուիրատուութեամբ:

Առաջին օրը, Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք հանդիպեցաւ եւ «Անվճար հագուստի աշխարհ» ծրագիրին ծանօթացաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի: Նոյն նպատակով, չորեքշաբթի օր Ազգային վարչութեան անդամ եւ Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչ, նախարարի պաշտօնակատար  Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան անձամբ հետեւեցաւ աշխատանքներու ընթացքին:

Ընկերային բաժանմունքին կողքին, ծրագիրին կամաւորաբար կ՛օժանդակեն եւ առողջապահական պայմաններուն կը հսկեն եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերը:

Յայտնենք, որ ծրագիրը կը շարունակուի մինչեւ ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր 2020, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00:

Այս առիթով կոչ կ՛ուղղենք հագուստի վաճառականութեամբ զբաղող մեր հայրենակիցներուն եւ անհատ բարեկամներու, որպէսզի իրենց ունեցած նոր կամ լաւ վիճակի մէջ գտնուող անգործածելի հագուստեղէնները փոխանցեն Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին` յարմարագոյն ձեւով զանոնք մեր ժողովուրդին տրամադրելու նպատակով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վերանկախանալու Յանձնառութեան Գործընթացը

Յաջորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Հետեւանքներու Դարմանումի Ծիրին Մէջ. Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Հրաւէրով` Ներկայացում Ցարդ Որդեգրուած Միջոցառումներու Գործընթացին

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?