Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սեւրի Դաշնագիրով Նախատեսուած Հատուցման Պահանջին Միացած Է Նաեւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը» Կը Գրէ «Ճումհուրիեթ»

Օգոստոս 29, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան խօսափողը հանդիսացող «Ճումհուրիեթ» օրաթերթը անդրադարձած է վերջերս ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ հրապարակուած յայտարարութեան, որ Սեւրի դաշնագիրի 100-ամեակին առիթով հայ ժողովուրդին հատուցման կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ: Այդ միացեալ յայտարարութեան միացած էին յիշեալ դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններէն երիտասարդական ընկերվարական քաղաքական կազմակերպութիւններ, ներառեալ` Թուրքիոյ մէջ գործող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:

«Ակունք» կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ ուշագրաւ է, որ այդ կոչին տակ տեղ գտած է նաեւ քրտամէտ կուսակցութեան երիտասարդական խորհուրդի ստորագրութիւնը: Յօդուածին հեղինակը կը նշէ, թէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը չէ հերքած, որ ստորագրած է այդ յայտարարութիւնը, սակայն նաեւ չէ ուզած որեւէ ձեւով զայն մեկնաբանել:

Թրքական օրաթերթը նաեւ կը շեշտէ, որ յայտարարութեան մէջ կը նշուի հայերու դէմ Ցեղասպանութիւն կատարուած ըլլալու մասին, ինչպէս նաեւ յատկապէս կ՛ընդգծէ կոչին մէջ հրապարակուած հետեւեալ նախադասութիւնը. «Սեւրի դաշնագիրը կը հանդիսանայ միակ իրաւական միջազգային փաստաթուղթը, որ կ՛ապահովէ Հայոց ցեղասպանութեան արդար հատուցումը»:

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Էրտողանի Գաղափարախօսը Կոչ Կ՛ուղղէ Ստեղծելու Յունաստանը, Հայաստանը, Վրաստանն Ու Կիպրոսը Ներառող Մեծն Թուրքիա

RelatedPosts

«Ռուսիան Նպատակ Ունի Հայաստանի Հետ Կապերը Զարգացնել Եւ Տնտեսական Խնդիրները Լուծել, Ասոնք Միայն Գեղեցիկ Խօսքեր Չեն»   Կ՛ըսէ Օվերչուք
Հայկական

Խօսելով Ռուսիայէն Հայաստան Ցորեն Ուղարկելու Մասին` Օվերչուք. «Այս Իրադարձութիւնը Իրական, Շօշափելի Ներդրում Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Գործին Մէջ»

Նոյեմբեր 7, 2025
Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղեւորուած Է  Ղազախական Հացահատիկ Տեղափոխող Գնացքը
Հայկական

Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղեւորուած Է Ղազախական Հացահատիկ Տեղափոխող Գնացքը

Նոյեմբեր 7, 2025
«Թուրքիան Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Խաղաղութեան  Հաստատման Միտուած Քայլերը»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը
Հայկական

«Թուրքիան Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Խաղաղութեան Հաստատման Միտուած Քայլերը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Նոյեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?