Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանի Գաղափարախօսը Կոչ Կ՛ուղղէ Ստեղծելու Յունաստանը, Հայաստանը, Վրաստանն Ու Կիպրոսը Ներառող Մեծն Թուրքիա

August 29, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գաղափարախօսը կը պարծենայ հիւսիսային Յունաստանը եւ Եգէական ծովու արեւելեան կղզիները ներառող Մեծն Թուրքիա ստեղծելու քայլերուն համար, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Գերմանիան կը շարունակեն աջակցիլ իրենց թուրք դաշնակիցներուն Յունաստանի դէմ նախայարձակումին: Այս մասին կը գրէ «Կրիք Սիթի Թայմզ»-ը:

Էրտողանի գաղափարակից Մեթին Քիւլիւնք, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն խորհրդարանի անդամ է, Էրտողանի հետ եղած է նոյն երիտասարդական շարժումին մէջ եւ Էրտողանի հայրենի Ռիզէ նահանգէն է, «Թուիթըր»-ի վրայ կոչ ուղղած է` ստեղծելու Մեծն Թուրքիա, որ կ՛ընդգրկէ հիւսիսային Յունաստանը եւ Եգէական ծովու արեւելեան կղզիներու մեծ տարածքները, Պուլկարիոյ, Կիպրոսի եւ ամբողջ Հայաստանի կէսը, ինչպէս նաեւ Վրաստանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ բազմաթիւ տարածքներ:

Քիւլիւնք շարք մը գրառումներով կը գովերգէ 1071 թուականին Բիւզանդական կայսրութեան դէմ Մանազկերտի մէջ սելճուքներու տարած յաղթանակը, ինչ որ արտօնած է ասիացի թուրքերուն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մուտք գործել Հայկական լեռնաշխարհ եւ Փոքր Ասիա:

«1071-ի ոգիին» ներքեւ Քիւլիւնք իրականութեան մէջ խոստովանած է, որ Թուրքիան կը ձգտի ռազմական միջոցներով ներխուժել Սուրիա, Միջերկրական ծով եւ Ափրիկէ` գերիշխելով այնտեղ:

Իր յաջորդ գրառման մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամը կը գրէ. «Անոնց թոռները, որոնք կը կարծեն, թէ մեզ Անատոլուէն պիտի վտարեն, այսօր կը փորձեն մեզ դուրս բերել Միջերկրական ծովէն: Համոզուած եղէ՛ք, որ անոնք Միջերկրական ծովուն մէջ պիտի պարտուին: Կենդանի է Մանազկերտի յաղթանակի ոգին: Թուրք ազգն ու պետութիւնը ամէն ոլորտի մէջ կեանքի կը կոչէ այդ ոգին»:

Թուիթըրեան գրառումին կցուած է քարտէս մը, որուն մէջ կ՛երեւին թրքական ծաւալապաշտական ախորժակը:

 

Նախորդը

«Սեւրի Դաշնագիրով Նախատեսուած Հատուցման Պահանջին Միացած Է Նաեւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը» Կը Գրէ «Ճումհուրիեթ»

Յաջորդը

Հայաստան Կը Դատապարտէ Հայ Սպայ Գուրգէն Ալավերդեանի Հանդէպ Ազրպէյճանի Նուաստացնող Վերաբերմունքը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.