Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ քաթալոնիական Պարսելոնայի յառաջապահ՝ Լուիս Սուարեզ շատ հաւանական է, որ վերադառնայ իր նախկին ակումբին՝ Այաքս Ամսթերտամին (Նիտըրլենտ), այս գծով կը յայտնէ ուրուկուէյեան մամուլը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, այժմ 33 տարեկան Սուարեզ, այս ամրան ընթացքին կրնայ տեղափոխուիլ Այաքսի, որուն հետ հանդէս եկած է 2007-2011 ժամանակամիջոցին:
Նշենք, որ Սուարեզի պայմանագրութիւնը՝ Պարսելոնայի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2021: