Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Դէմ Պիտի Դնենք Լիբանանի Կայունութեան Եւ Քաղաքացիական Անվտանգութեան Սպառնացող Որեւէ Փորձի»

July 30, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ օրուան հրահանգին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային արտակարգ տագնապներ, որոնք լիբանանցիներուն բեռը կը ծանրացնեն եւ երկրին գոյացութեան ու ապագային նկատմամբ վախ եւ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն:

«Մինչ Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու ջանքերը կը շարունակուին, լիբանանցիներուն հայեացքը ուղղուած է բանակին, որ ազգային համախմբումի հաստատութիւն մըն է, լուռ կը գործէ, պատուով կը դիմադրէ եւ անսակարկ նուիրումով կը զոհուի, առանց դժուարութիւններուն դիմաց ընկրկելու», հաստատեց ան:

Իր խօսքը ուղղելով բանակայիններուն` զօր. Աուն յայտնեց, որ բանակը միշտ եղած է լիբանանցիները փրկելու եւ անոնց համար ապահով անցքեր երաշխաւորելու հաստատութիւնը` բոլոր շրջաններուն եւ համայնքներուն համար:

«Լիբանանեան բանակը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ անձնական ու նեղլիկ շահերէն ու հաշիւներէն հեռու կը մնայ` պահպանելով լիբանանեան իւրայատկութիւնը, բազմազանութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը: Բանակը պիտի մնայ բոլոր լիբանանցիներուն ծառայող հաստատութիւնը: Լիբանանի կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան սպառնացող որեւէ փորձի դէմ պիտի դնենք», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ երկրին սահմանները պաշտպանող լիբանանեան բանակը կը դիմադրէ թշնամի Իսրայէլին, որ մնայուն կերպով կը փորձէ հարուածել լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ կը ջանայ տիրանալ Լիբանանի պատկանող բնական հարստութիւններուն:

«Բանակը յանձնառու կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ գործակցութեան, ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին», եզրափակեց ան:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանեան բանակին տօնին առիթով հաստատեց հետեւեալը. «Ան, որ իր բանակին լեզուն չի հասկնար, անկարելի է, որ հասկնայ իր հայրենիքին լեզուն»:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի բանակի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք չէ իշխանութեան կողմէ հաշուայարդարի կռուախնձորի վերածել, եւ կամ զայն օգտագործել` ծածկելու համար կառավարութեան եւ իշխանութեան բացթողումները:

Նշենք, որ զօր. Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:

Տել Քոլ այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի սահմանին վրայ տիրող իրադարձութիւնները` ի մասնաւոր իսրայէլեան ուժերուն արձանագրած ապահովական մագլցումներն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պարտականութիւնը վերանորոգելու վերաբերող հարցեր:

 

 

Նախորդը

Պասիլ Պաթրունի Հիւանդանոցը Առողջապահութեան Նախարարութեան Միացնելու Կարելիութիւնը Քննարկեց Հասանի Հետ

Յաջորդը

Հանգստեան Կոչուած Բանակայիններուն Աշխատավարձերը Հայթայթուեցան

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.