Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Պաթրունի Հիւանդանոցը Առողջապահութեան Նախարարութեան Միացնելու Կարելիութիւնը Քննարկեց Հասանի Հետ

July 30, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ Պաթրունի իր բնակարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց Հասանի` Պաթրունի եւ Թաննուրինի հիւանդանոցներուն, ինչպէս նաեւ կառավարական բոլոր հիւանդանոցներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած գուրգուրոտ մօտեցումին համար, ինչպէս նաեւ արժեւորեց «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին իմաստով անոր ի գործ դրած ջանքերը:

Հանդիպումէն ետք Հասան յայտնեց, որ Պասիլի հետ քննարկած է Պաթրունի հիւանդանոցը առողջապահութեան նախարարութեան միացնելու կարելիութիւնը` աւելցնելով, որ Թաննուրինի հիւանդանոցը պատրաստելու եւ կահաւորելու նպատակով լուրջ ներդրում պիտի կատարեն:

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Ուղղեց Ժողովրդային
Անկեղծ Շարժումին` Զօրակցելու
Փտածութեան Դէմ Իր Տարած Պայքարին

Միւս կողմէ, Հզօր Լիբանան համախմբումը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց Ժըպրան Պասիլ:

Համախմբումը քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ կտրականապէս կը մերժէ չէզոքութեան չարաշահումը` քաղաքական ուժ մը լուսանցքայնացնելու նպատակով:

Համախմբումը հաստատեց, որ չէզոքութիւնը կարիք ունի խոր քննարկումի, ներքին համախոհութեան եւ արտաքին համաձայնութեան, յատկապէս` Լիբանանի հարեւան երկիրներուն եւ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն կողմէ:

Այս շրջագիծին մէջ համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ Իսրայէլի հետ սահմանագծումը կատարուի` առանց հրաժարելու Լիբանանի գերիշխանութենէն, իրաւունքներէն եւ բնական հարստութիւններէն:

Համախմբումը կոչ ուղղեց` զօրակցելու  ժողովրդային անկեղծ շարժումին կողմէ փտածութեան դէմ տարուած պայքարին:

Համախմբումը կոչ ուղղեց կառավարութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան եւ ուժանիւթի հարցերու նախարարութիւններուն` խստացնելու մազութի ներածման վերաբերող շահագործումները, ինչպէս նաեւ ելեկտրական հոսանքը ընդհատելու քայլերը, յատկապէս` ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն կողմէ, որովհետեւ անոնք կը միտին ելեկտրական հոսանք հայթայթելու դիմաց բաժանորդագրութեան սակի յաւելում պարտադրել:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ապպաս Իպրահիմն Ու Շրայմը

Յաջորդը

Զօր. Աուն. «Դէմ Պիտի Դնենք Լիբանանի Կայունութեան Եւ Քաղաքացիական Անվտանգութեան Սպառնացող Որեւէ Փորձի»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.