Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդականի Եւ Ուսանողականի Անդամները Բողոքի Ցոյց Կատարեցին Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ

July 18, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը դատապարտելու համար, 17 յուլիսին Քանատայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ կայացաւ բողոքի ցոյց` կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Քանատայի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան:

Համաճարակի կանխարգիլման օրէնքներուն պատճառով, ցոյցին մասնակիցներուն թիւը սահմանափակուած էր: Ցուցարարները յարգեցին դիմակներ կրելու եւ հեռաւորութիւն պահպանելու օրէնքները:

«Քանի մը օր առաջ Պաքուի փողոցներուն մէջ «Մահ հայերուն» կ՛աղաղակէին. ահաւասիկ ողջ ենք եւ կը պայքարինք յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան: ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդականի եւ ուսանողականի անդամները հայ զինուորի կողքին են», «Հորիզոն»-ին յայտնեց ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մանուկ Ալեմեան:

Ցուցացարարները Ազրպէյճանի դեսպանի տեղակալ Ֆուատ Ալիեւին հասցէագրուած նամակ մը յանձնեցին, ուր խստօրէն կը դատապարտուի Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը: «Մինչ Հայաստանը կը փորձէ պաշտպանուիլ զինուորական յարձակումներէ, ձեր կառավարութիւնը խախտելով միջազգային օրէնքները` թիրախ կը դարձնէ անմեղ քաղաքացիներ եւ կը սպառնայ յարձակիլ Հայաստանի հիւլէակայանին վրայ: Այս բոլորը յստակ ցուցանիշներ են, որ ձեր կառավարութեան զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը մտադրութիւն չունի տագնապին խաղաղ լուծում գտնելու», նշուած է նամակին մէջ:

ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան  անդամները Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով ցոյցը շարունակեցին Քանատայի խորհրդարանին դիմաց, ուր խօսք առաւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան` ըսելով, որ ազգովին հայոց բանակի ու հայրենիքի պաշտպան հայ զինուորին կողքին ենք:

Նախորդը

«Քորոնա»-ով Վարակուածներու Թիւի Աճի Լոյսին Տակ. Կանխարգելիչ Խիստ Միջոցառումներ` Յառաջիկայ Շաբաթասկիզբէն Սկսեալ

Յաջորդը

Հետզհետէ Սաստկացող Ներքին Բեւեռացումի Մթնոլորտին Մէջ. Տիապ Այսօր Կ՛այցելէ Ռայի Պատրիարքին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.