Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ խոր մտահոգութիւն յայտնեց «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածման շարունակման գծով: Ան յայտնեց, որ յուլիս ամսուան սկզբնաւորութեան որդեգրուած մեղմացման քայլերէն ետք, այս առաջին լուրջ վտանգն է, որ կը սպառնայ երկրին, եւ առ այդ` հարկ է կանխարգելիչ միջոցառումներուն գծով ըլլալ աւելի յանձնառու եւ խստապահանջ: Ան դիտել տուաւ, որ առողջապահական մարզին մէջ զգալի է հիւանդապահներու թէ յարակից անձնակազմի անդամներու վարակման թիւին աճը: Նախարար Հասան յայտնեց, թէ յառաջիկայ երկուշաբթիէն սկսեալ գործակցաբար ներքին գործոց նախարարին եւ վարչապետ Տիապի հետ, խիստ քայլեր պիտի առնուին օրինազանցներուն եւ կանխարգելիչ միջոցառումները անտեսողներուն գծով: Նախարարը աւելցուց, որ խճողումներն ու օդակայանին մէջ երթեւեկը խիստ քննութեան պիտի ենթարկուին, եւ ճշդուած հեռաւորութիւնը պիտի պարտադրուի: Ան թելադրեց աւելի լուրջ մօտենալ այս հարցին, յատկապէս`պաշտպանիչ դիմակներու գործածութեան գծով:
Նշենք, որ երէկ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը մրցանիշ արձանագրած էր` հասնելով 101-ի, որոնց 80-ը տեղացիներ, իսկ 21-ը արտասահմանէն նոր վերադարձածներ են: