Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 27 հոկտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ յայտարարած է, որ ԹՐԻՓՓ ծրագիրը կրնայ գործարկուիլ նոյնիսկ նախքան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին վերջնական ստորագրութիւնը:
«Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի հարցումին պատասխանելով` Միրզոյեան ընդունած է նման հաւանականութիւնը: Կարապետեան մտահոգութիւն յայտնած է, որ Ազրպէյճան, ԹՐԻՓՓ-ի միջոցով ապահովելով իր հիմնական տարածքին եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութիւնը, կրնայ կորսնցնել խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու եւ Հայաստանի համար համարժէք հաղորդակցային ուղիներ բանալու շահագրգռութիւնը:
Միրզոյեան յիշեցուցած է, որ խաղաղութեան պայմանագիրին բնագիրը արդէն նախաստորագրուած է` պնդելով, որ շրջանին մէջ փաստացի խաղաղութիւն հաստատուած է, իսկ տնտեսական փոխկապակցուածութիւնը կրնայ նպաստել անոր ամրապնդման: Ան նաեւ հաւաստիացուցած է, որ ԹՐԻՓՓ-ը միակողմանիօրէն պիտի չգործէ, եւ Հայաստան նոյնպէս պիտի օգտուի Ազրպէյճանի տարածքով անցնող հաղորդակցային ուղիներէն:
Հայ-ամերիկեան շրջանակային համաձայնագիրին վաւերացման քննարկումներուն ընթացքին Միրզոյեան ներկայացուցած է ծրագիրին հիմնական դրոյթները, որոնց համաձայն` ԹՐԻՓՓ-ը իրականացնող ընկերութեան բաժնետոմսերուն 74 տոկոսը պիտի պատկանի ամերիկեան կողմին, իսկ 26 տոկոսը` հայկական կողմին, նախնական 49 տարուան ժամանակաշրջանի մը համար: Նախարարը պնդած է, որ Հայաստան պիտի պահպանէ իր տարածքային ինքնիշխանութիւնն ու սահմանային եւ մաքսային վերահսկողութիւնը:
Մինչ այդ, ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան յայտարարած է, որ խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ համաձայնագիրին` ընդգծելով, որ անոր դրոյթներուն մէջ Ազրպէյճանի շահերը աւելի յստակ արտացոլուած են, քան Հայաստանի ակնկալուող օգուտները:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան իր կարգին զգուշացուցած է, որ ԹՐԻՓՓ-ը կարելի չէ դիտարկել զուտ իբրեւ տնտեսական նախաձեռնութիւն` անտեսելով անոր անվտանգային եւ աշխարհաքաղաքական հետեւանքները: Ան մտահոգութիւն յայտնած է երկարաժամկէտ զարգացման իրաւունքներուն, տնտեսական օգուտներու անորոշութեան եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան պահպանման իրաւական երաշխիքներուն առնչութեամբ:
Ընդդիմութեան հիմնական մտահոգութիւնը կը մնայ փոխադարձութեան պարտադիր երաշխիքներու բացակայութիւնը, յատկապէս այն պայմաններուն մէջ, երբ Պաքու կը շարունակէ խաղաղութեան պայմանագիրին ստորագրութիւնը պայմանաւորել իր պահանջներով:


