Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետզհետէ Սաստկացող Ներքին Բեւեռացումի Մթնոլորտին Մէջ. Տիապ Այսօր Կ՛այցելէ Ռայի Պատրիարքին

July 18, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական, առողջապահական եւ ընկերային մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ, մարոնիներու Ռայի պատրիարքին վերջերս դրսեւորած կեցուածքը Լիբանանի չէզոքութեան գծով, դուռը բացաւ առանց այդ ալ երկրի քաղաքական բեւեռացած իրավիճակի խորացման: Աւելի՛ն, ներկայ պայմաններուն մէջ նման հարցի արծարծումը կանաչ լոյս բացաւ  «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ» փորձողներուն առջեւ: Փաստօրէն, վերջին 48 ժամերուն այս գծով թեր ու դէմ կարծիքներ հրապարակուեցան` փորձելով վիհ ստեղծել Պաապտայի եւ Տիմանի միջեւ:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ վերահաստատեց Լիբանանի չէզոքութեան գծով իր կեցուածքը նշելով, որ անոր կիրարկումը շահեկան է բոլորին համար եւ թէ ան իր այս կեցուածքին իրականացման գծով պիտի դիմէ տեղական, արաբական թէ միջազգային շրջանակներու եւ օրինական հարթակներու:

Այս ծիրին մէջ նախկին վարչապետ, նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի անդրանիկ որդին` Պահա Հարիրի փութաց իր զօրակցութիւնը յայտնելու Ռայի պատրիարքի կեցուածքներուն` նշելով, որ «Հըզպալլայի ժանիքները կը խորացնեն Լիբանանի մէջ տիրող վիհը»:

Նախագահ Աունի մօտիկ աղբիւրներու կարծիքով, Ռայի պատրիարքին վերագրուած կեցուածքը այն չէր, ինչ որ ան պարզած էր Պաապտայի պալատին մէջ նախագահ Աունի հետ իր խորհրդակցութեան ընթացքին: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, պատրիարքին կարծիքը ձորի մէջ պէտք չէ արձագանգէ, այլ անիկա պէտք է ամրագրուի համախոհութեամբ ու զօրավիգ կեցուածքներով եւ ոչ թէ անոր շահագործումով:

Այս գծով օրէնսգէտ փրոֆ. Անթուան Սէյֆ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ ընդգծեց, որ Ռայի պատրիարքին առաջադրած չէզոքութեան վարկածը չի նշանակեր չէզոք մնալ Պաղեստինեան հարցին գծով ընդդէմ Իսրայէլի, այլ անիկա կը միտի վերադառնալ երբեմնի Լիբանանի հեղինակաւոր դրական չէզոքութեան, հեռու` արտաքին քաղաքական բեւեռացումի մթնոլորտին մէջ մխրճուելէ, պահելով Արեւելք-Արեւմուտք քաղաքակրթական կամրջումի իր առաքելութիւնը: :

Նոյն ծիրին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց Լիբանանի ինքնիշխան հեղինակութիւնը` նշելով, որ երկրի ներքին համերաշխութեան ամրապնդման ճիգերուն ծիրին մէջ քուլիսային քայլերը կը շարունակուին: Քրիսթով Մարթանի գլխաւորած Միջազգային կարմիր խաչի պատուիրակութեան  հետ իր խորհրդակցութեան առիթով կատարած իր յայտարարութեամբ նախագահ Աուն բացայայտեց, թէ ճիգեր կը թափուին Լիբանանի մէջ 1975-էն ի վեր անյայտացած անձերու ճակատագիրին յստակացման գծով: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ անոնց հարազատներուն իրաւունքն է իմանալ պատերազմական պայմաններուն պատճառով անոնց վիճակուած ճակատագիրին մասին:

Քաղաքական այս մթնոլորտին մէջ կը նախատեսուի, որ վարչապետ Հասսան  Տիապ այսօր այցելէ Ռայի պատրիարքին ամառնային նստավայրը` Տիման, եւ սրտբաց զրոյց ունենայ օրուան հրատապ թէ խնդրայարոյց հարցերուն շուրջ:

Նախորդը

ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդականի Եւ Ուսանողականի Անդամները Բողոքի Ցոյց Կատարեցին Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ

Յաջորդը

Քիմ Քարտաշեան Կը Քննադատէ Ազրպէյճանը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.