Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերաիմաստաւորելով Սփիւռքի Գաղութներու Փոխադարձ Զօրակցութեան Աւանդը

Յուլիս 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ իր գաղափարաբանութեան, իր բոլոր ուժերով կը նուիրուի բովանդակ հայ ազգի քաղաքական,
տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային շահերու պաշտպանութեան

ԾՐԱԳԻՐ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Յուլիս 9-ին, իր բարոյական պատասխանատուութեան կանչին ականջալուր, քանատահայութիւնը աներկբայօրէն մասնակից դարձաւ Լիբանանի հայութեան զօրակցելու նուիրահաւաքին։

Քանատայի համայնքի կազմաւորումէն ի վեր, Դաշնակցութեան գործունէութեան ժամանակագրութիւնը հատած է մէկ դարու սահմանագիծը։ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կառոյցի գործօն դերակատարութիւնը Քանատայի համայնքային կեանքին մէջ իմաստաւորուած է թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենի բնօրրանի տարաբնոյթ զօրակցական դրուագներով։

ՀՅԴ Քանատայի կառոյցը պատասխանատուութիւն ստանձնած է հո՛ն, ուր ազգային յանձնառութիւն եղած է եւ բազմաբնոյթ այդ յանձնառութիւններու բնորոշիչ արժանիքը հանդիսացած է ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի եւ ուղեկից միութիւններու ու կազմակերպութիւններու համախումբ ու կազմակերպ աշխատանքը։ Իրողապէս, քանատահայութեան կազմակերպութիւններու ներուժի համադրուած ու լիարժէք օգտագործմամբ հնարաւորութիւն ընձեռուած է ամրագրելու համայնքի կենսունակութիւնն ու գոյատեւելիութիւնը։

Անցնող օրերուն, լիբանանահայութեան տագնապի, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոր ապագային սպառնացող վտանգին ի տես՝ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, մայիս 20-ին յառաջացուց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինը։

Վերոնշեալ մարմնի կազմակերպած յուլիս 9-ի նուիրահաւաք-թելեթոնի համաժողովրդային մասնակցութիւնը եկաւ հաստատելու, որ համայնքի զաւակները զերծ են նախապաշարումներէ եւ հաւատք կ՚ընծայեն ու կը վստահին Դաշնակցութեան համագաղութային նուիրահաւաքի նախաձեռնութեանց։ Այդպէս եղած է նաեւ անցեալին, երբ նուիրահաւաքներ կատարուած են ի զօրակցութիւն Արցախեան Ազատամարտին, Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերուն (վերջին արշաւը՝ այս տարուան ապրիլին, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կողմէ), Ջաւախքին, սուրիահայութեան։

Քանատայի կուռ համայնքը, որուն ազգային, եկեղեցական եւ կրթական կառոյցները կը գտնուին համաշխարհային համավարակի առթած ճգնաժամին մէջ, որուն դպրոցները, եկեղեցիներն ու համայնքային կեդրոնները այսօրուան դրութեամբ կը գտնուին տնտեսապէս անձուկ դրութեան մէջ, անձնուրաց մղումով ձեռք երկարեց աւելի կարեվէր գաղութին։

Ահա ա՛յս է Դաշնակցութեան առաքելութեան հիմնառանցքը, կազմակերպական իր ներուժի ամբողջական կիրառումով զօրավիգ կանգնիլ Հայրենիքին ու հայրենակիցին։ Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան ակունքներուն խորքը ուրուագծուած ու դաջուած է հայ ժողովուրդի մէկութեան եւ ապահովութեան գերագոյն նպատակը։ Ա՛յս ձեւով է, որ կազմաւորուած է ՀՅ Դաշնակցութեան հայրենատիրութեան ու աշխարհացրիւ ազգի միասնութեան սրբազան հանգանակը։

ՀՅԴ Քանատայի կառոյցը, այդ հանգանակին հաւատարիմ՝ պատնէշի վրայ է, անձնուէր, միակամ, զգաստ ու անվկանդ։

13 յուլիս 2020

Նախորդը

Անդրադարձ. Դիւանագիտութեան Պետը Մեղաւոր` Զինուորական Ձախողութեան Համար

Յաջորդը

Զգաստութեան Հայրական Կոչ Իրենց Պաշտօնեաներուն Իրաւունքը Անտեսող Գործատէրերուն

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?