Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 17, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց խորհրդարանական ելեւմուտքի եւ պիւտճէի, վարչական եւ արդարադատութեան, արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, տնտեսութեան, ճարտարարուեստի եւ ծրագրումի, երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան, ընդհանուր առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսմանց ու կնոջ եւ երեխայի  յանձնախումբերու միացեալ նիստ գումարելու 22 յուլիսին` քննելու համար օրակարգի վրայ ներկայացուած հարցերը:

«ՕԺԵՐՕ»-Ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէ երէկ հաստատեց, որ յառաջիկայ շաբաթ համացանցի ընդհատման մտավախութիւն չկայ: Կարգ մը աղբիւրներ նշած էին, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին երկրի տարածքին համացանցը պիտի ընդհատուի թեքնիք պատճառով:

ՀԱՄՐԱՅԻ մէջ Սուտանի դեսպանատան դիմաց 25 օրերէ ի վեր «կայք հաստատած» խումբ մը սուտանցի աշխատաւորներ երէկ բողոքեցին եւ կոչ ուղղեցին Սուտանի թէ Լիբանանի պատկան կողմերուն` զիրենք իրենց երկիրը վերադարձնելու գծով: Դեսպանատան դրան յայտարարուած է, թէ սուտանեան օդանաւ մը զիրենք պիտի փոխադրէ հայրենիք, իսկ Լիբանան կը մերժէ սուտանեան օդանաւի էջքը Պէյրութի օդակայան` ընդառաջելով եւրոպական համապատասխան օրէնքներու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ նոր դեսպանը մօտերս պիտի ժամանէ Պէյրութ` փոխարինելով դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը: Ան պաշտօնավարած է Սուրիոյ եւ պաղեստինեան Ռամալլայի մէջ եւ հմուտ իրազեկ է շրջանի քաղաքական իրադարձութիւններուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութենէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Պէյրութի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննեց տեղական թէ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը յիշեցուց բոլոր պանդոկներուն, ճաշարաններուն թէ այլ հանրային հաստատութիւններուն` հետեւելու եւ գործադրելու համաճարակի կանխարգելիչ միջոցառումները: Նախարարութիւնը յիշեցուց թիւ 174 օրէնքը, որ հանրային վայրերու մէջ կ՛արգիլէ ծխելը եւ օրինազանցները տուգանքի կ՛ենթարկէ` հասնելով մինչեւ հաստատութիւններու կարմիր մոմով փակման:

Նախորդը

Զգաստութեան Հայրական Կոչ Իրենց Պաշտօնեաներուն Իրաւունքը Անտեսող Գործատէրերուն

Յաջորդը

Խոստանալով Մէկ Շաբաթէն Կիրարկելի Դարձնել` Նախարար Համատ Հասան Մեկնարկեց «Միասին Քորոնայի Դէմ» Ծրագիրը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.