Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Սլովաքիոյ Յարաբերութիւնները Դրական Ընթացքով Կը Սերտանան

February 25, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 փետրուարին ընդունեց Սլովաքիոյ արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարար Միրոսլաւ Լայչաքը:

Վարչապետը կարեւոր նկատեց նոյն օրը Հայաստանի մէջ Սլովաքիոյ դեսպանութեան բացումը, որ նոր լիցք եւ որակ պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն: Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան հետաքրքրուած է Սլովաքիոյ հետ համագործակցութեան զարգացմամբ` ինչպէս երկկողմանի ձեւաչափով, այնպէս ալ Եւրոպական Միութեան ծիրին մէջ: Ըստ Փաշինեանի` Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգի հիմնական գործընկերն է: Վարչապետը երախտագիտութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին մէջ Սլովաքիոյ հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար:

Միրոսլաւ Լայչաք դիտել տուաւ, որ Սլովաքիոյ համար Հայաստան կարեւոր գործընկեր է, եւ Հայաստանի մէջ Սլովաքիոյ դեսպանութեան բացումը լաւ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ երկկողմանի յարաբերութիւններու աշխուժացման համար: Ան ընդգծեց, որ իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր` Սլովաքիան պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի կիրարկման, ինչպէս նաեւ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման գործընթացին:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին` Սլովաքիոյ արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարարը նշեց, որ Սլովաքիան լիովին կը սատարէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղ լուծման ջանքերուն:

Միրոսլաւ Լայչաք ըսաւ, թէ իրենց համար Փաշինեան-Ալիեւ Միւնիխեան հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցութիւններուն մէջ դրական զարգացում է:

Վարչապետ Փաշինեան եւ Միրոսլաւ Լայչաք միտքեր փոխանակեցին նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի ծիրին մէջ համագործակցութեան առնչութեամբ:

Նշենք, որ Միրոսլաւ Լայչաք նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանի հետ:

Անոնք անդրադարձ կատարեցին հայ-սլովաքեան յարաբերութիւններու բազմաշերտ օրակարգին, միտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ շրջանային կառոյցներուն մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան շուրջ: Զոհրաբ Մնացականեան եւ Միրոսլաւ Լայչաք քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրամիութիւն գործընկերութեան օրակարգային հարցերը:

Միրոսլաւ Լայչաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցեց Սուրբ նահատակներու յիշատակին:

Նախորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Վարչապետ Տիապին

Յաջորդը

ՀՅԴ Ներկայացուցիչը Մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան 4-րդ Համագումարին

RelatedPosts

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.