ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Կարծէք լիբանանահայութեան դիմագրաւած տագնապները սակաւաթիւ ըլլային, անոնց վրայ ալ աւելցան բաւականի՛ն անլուրջ առցանց կատարուած վերլուծումներ՝ յորդորելով, թէ լիբանանահայը ի՞նչ պէտք է ընէ այս պայմաններուն մէջ:
Միջին Արեւելքը անգամ մը ե՛ւս, անկախ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած վիճակէն, եռեւեփումի մէջ է: Այս անգամ եւ, ի տարբերութիւն «Արաբական գարուն»-ի յարափոփոխ թիրախներուն (մէյ մը Թունիս ու Լիպիա, ուրիշ ատեն մը Եգիպտոս, Եմէն եւ Սուրիա), Մայրիներու երկիրը, մեր շատ սիրելի Սփիւռքի սիրտը համարուած Լիբանանն է, որ կը տապլտկի տնտեսական, դրամատնային, նիւթական եւ անշո՛ւշտ՝ ի հետեւումս այս բոլորին, ընկերային ու կենցաղային տագնապներու մէջ: Յուսանք ապահովականը բացառուած է այս անգամ:
17 հոկտեմբեր 2019-ին ժողովրդային ցոյցերով սկսած, քիչ մը թաւշեայ յեղափոխութեան «համն ու հոտը» ունեցող այս ցոյցերով ի յայտ եկած «դուրս»-ի միջամտութիւններու մատնահետքեր պարագայաբար ցոյց տուող այս ընթացքը կարծէք քողազերծեց Լիբանանի փտած քաղաքական ղեկավար խաւը: Աւելի՛ն, ան պատճառ դարձաւ, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան երեսնամեայ բուրգային դաւադրական ծրագիրը (Ponzi, Pyramid scheme) բացայայտուի՝ այսպիսով Լիբանանի քաղաքացին զրկելով իր դրամատնային պահեստները օգտագործելու հնարաւորութենէն:
Շա՛տ հասկնալի է, որ իբրեւ սփիւռքահայեր, կամ առհասարակ հայեր, տառապինք, երբ մեզմէ հատուած մը (արցախահայը, սուրիահայը, իրաքահայը, իրանահայը, լիբանանահայը, Քոլորատոյի հայը եւ այլն) տագնապէ մը կ’անցնի: Եւ անշո՛ւշտ բնական է, որ օգնութեան ձեռք երկարենք մէկս միւսին, ըլլայ ան Միացեալ Նահանգներէն Լիբանան ու Սուրիա, կամ Քանատայէն Լիբանան, կամ Սփիւռքէն Արցախ ու Հայաստան:
Սակայն վերջերս կայ – ըստ իս – անլրջութեան մակարդակ մը, որ իր ակունքները կը ստանայ ընկերային ցանցերու (Ֆէյսպուք եւ այլն) ընձեռած ձրի եւ շատ մը պարագաներու պարապաբարոյ միջոցներէն: Հալէպի տագնապալի օրերուն, 2015-ի յուլիսէն սկսեալ, շատեր ելած էին հալէպահայութիւնը «պարպելու»՝ ըսելով, թէ օրերը մօտ են, երբ ՏԱՀԵՇ-ը «կոր դանակներով» պիտի մորթազերծէ Հալէպի հայերը: Մարդիկ իրենց հանգիստ տուները նստած, «ազգային մտահոգութիւններ» ապրելով, խաղաղ օրերուն հազիւ մատը-մատին զարկած, ելած էին քաղաքական վերլուծումներ ընելու, ռազմավարական ուղղութիւններ գծելու, եւ որոշելու, թէ ո՛ր «պաս»-ով հալէպահայութիւնը Սուրիոյ ո՛ր ծովափէն, Մուսա Լեռան քառասուն օրերը յիշեցնող «պարպում»-ի մը պէտք է դիմեր:
Այսպիսի գրառումներ ընդհանրապէս չէին ըլլար, երբ ընկերային ցանցեր չկային, որովհետեւ «խելքը գլուխը» մամուլը ինքնագրաքննութիւն, զտումի եւ «տպուելիք» գրութիւններու մաղումը բնազդային ընթացքովն է որ կ’ընէր: Ըլլա՛յ հայկական մամուլը՝ իր «Ազդակ»-ով, «Յառաջ»-ով, «Ասպարէզ»-ով, «Զարթօնք»-ով, «Արարատ»-ով, «Հայրենիք»-ով թէ այլ, ըլլայ ֆրանսական մամուլը՝ իր «Ֆիկարօ»-ով ու «Լը Մոնտ»-ով, ըլլայ ամերիկեանը, ռուսականը թէ ճափոնականը՝ «Ասահի Շիմպուն»-ով, թէ Համպուրկի «Տէր Շփիկըլ»-ով: Իսկ այն գրութիւնները, որոնք անլուրջ կամ բամբասական էին, կ’իյնային դեղին մամուլի (yellow journalism) կամ թապլոյտներու կրպակին ու տոպրակին մէջ, եւ կարդացողը կ’ընթերցէր անոնց զրպարտութիւններն ու չարախօսութիւնները՝ ընդհանրապէս իբրեւ զաւեշտ ընկալելով զանոնք:
Հիմա, ահաւասիկ, շուկային վրայ կայ գրութիւններու լման նոր քաթէկորիա մը, որ ի սկզբանէ թեթեւի տպաւորութիւնը կու տայ: Հասկնալի պիտի ըլլար, եթէ յօդուածագիր մը չկարենար իր գրութիւնը տպագիր թէ առցանց մամուլին մէջ հրատարակել, եւ ան դիմեր Դիմատետրին: Կա՛մ սկիզբէն յօդուածագիրը՝ հաւատար Դիմատետրով արտայայտուելուն, քան մամուլով: Սակայն, «գործ»-էն հասկցող թէ ոչ, մարդիկ ելած ենք համացանցը օգտագործելով լիբանանահայութեան թելադրելու, թէ ան ի՛նչ պէտք է ընէ:
Սկսելու համար, լիբանանահայութեան ապագան եւ ընելիքը կը ճշդէ ի՛նք, հողին վրայ գտնուող լիբանանահայը՝ համախորհուրդ իր ազգային եւ համազգային կառոյցներուն հետ (կուսակցութիւն, կաթողիկոսութիւն, Հայաստանի պետութիւն եւ այլն): Այնպէս, ինչպէս Հալէպ մնալ-չմնալու վերջին խօսքը օրին պատկանեցաւ հալէպահայուն՝ իր խարսխուած կառոյցներուն հետ համախորհուրդ եւ համահունչ:
Ամբողջովին տարբեր նիւթ է այն, թէ որքանո՞վ խոհեմութիւն է միջինարեւելեան գաղութները ներգործօն կերպով պարպելը, երբ հոն կը գտնուին անծայրածիր ենթակառոյցներ (շէնքեր, կալուածներ, միութիւններ, հաստատուած գործարարութիւններ եւ այլն), հայկական թաղամասեր ու աւաններ: Աւելի՛ն, կայ ազգային դատ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու ընդհանրապէս հայու ազգագրութեան հետ կապուած, որ տակաւին անլոյծ կը մնայ աւելի քան հարիւր տարիներ անց: Միջինարեւելեան գաղութները մեզի համար ունին ռազմավարական նշանակութիւն ու արժէք՝ Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք մեր Դատի հետապնդման մէջ:
Անդին ուրիշներ, որոնք շ՛’տ հասկնալի պատճառներով օրին ձգած էին Լիբանանն ու Միջին Արեւելքը եւ հաստատուած Արեւմուտք, հիմա «պարտք» կը զգան յորդորելու լիբանանահայը, որ Լիբանանը ձգելու ժամանակը հասած է: Իսկ փաստարկելու համար այս յորդորը, «ամէն տեղէ ջուր կը բերեն», որ արդէն խառն ամուսնութիւնները Լիբանանի մէջ գլած անցած են «այստեղի» թիւերը, որ Լիբանանի հայկական վարժարանները վայրէջքի մէջ են, որ արդէն հայութեան համրանքը Լիբանանի մէջ իջած է «էքս»-էն վար եւ այլն, եւ այլն: Թերեւս որոշ իրականութեան երանգներ կան այս ըսուածներուն մէջ, բայց այս օրերուն, վէրքին վրայ աղ սրսկելէն զատ ի՞նչ կ’ընենք այս բաները խօսափողի միջոցաւ արտայայտելով:
Պատկերացուցէք Լիբանանի հայ քաղաքացի ըլլալ եւ դիմանալ այս բոլոր փորձութիւններուն եւ միտքի մաշումին: Պատկերացուցէք լիբանանահայ ըլլալ եւ լիբանանցի ոչ հայուն աչքերուն նայիլ՝ գիտակցելով, որ քու արտերկրի հայրենակից հայդ թիւի անկումիդ մասին կը փայլատակէ՝ վտանգելով Լիբանանի մէջ քու համայնքային, Սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրաւունքներդ: Լիբանանահայութեան թիւը նուազում արձանագրե՞ց 1975-ին սկսած եւ 15 տարիներ տեւած քաղաքացիական պատերազմէն ետք: Անշո՛ւշտ՝ այո՛, եւ ճիշդ այնպէս՛ ինչպէս որ լիբանանցի մարոնիին, կաթողիկէին եւ ուղղափարին համրանքն ալ նուազեցաւ: Ոչ աւելի, ոչ պակաս: Եւ այս՝ երկրի մը մէջ, ուր դիտաւորեալ կերպով վերջին մարդահամարը եղած է 1932-ին, եւ անկախ համայնքներու իսկական թիւերէն, համայնքային խճանկարի պահպանումն է, որ ցարդ կը գերակշռէ հաշուարկներուն մէջ:
Բնականաբար, ընկերային ցանցերու վրայ եւս կը խօսուի Լիբանանէն կազմակերպուելիք հայրենադարձութեան կարելիութեան մը մասին: Դարձեալ բնականաբար, որեւէ հայրենադարձութիւն ի սկզբանէ ողջունելի է, այնքան ատեն որ Հայաստանը հոնկէ այլ տեղեր գաղթելու հարթակին չի վերածուիր, եւ այնքան ատեն որ կազմակերպուած հայրենադարձութիւն է ան, նպատակասլաց է ու համաձայնեցուած բոլոր հիմնական դերակատարներուն հետ (դարձեալ կուսակցութիւն, կաթողիկոսարան, Հայաստանի պետութիւն եւ այլն): Եւ այդ մէկը դիմատետրեան գրառումներով չէ՛ որ կ’ըլլայ: Դիմատետրի այդ գրառումները լա’ւ կերպով «ազգային գործ» ըրած ըլլալու դատարկ ինքնագոհունակութիւն կրնան պատճառել եւ շատ անգամներ «գիշերը հանգիստ քնանալու» օգնած կ՛ըլլալ, հաւանաբար:
Արդ, այս օրերուն ի՞նչ կրնանք ընել, որ Պեյրութ, Անթիլիաս ու Այնճար բնակող հայուն տրամադրութիւնը կարենանք բարձրացնել, ապագայի հանդէպ անոր յոյս սերմանել ու մեր ազգային կառոյցներու գործունէութեան շարունակականութեան ապահովման սատարել: Հաւանաբար այս հարցումները իրենց ուղղելն ու օժանդակութեան մեր ձեռքը երկարելն է, որ մեզ տեղ է հասցնելու… Դրամահաւաքները, զօրակցական յայտարարութիւններն ու արտայայտութիւնները, այդտեղի մեր ենթակառոյցին մասին մտածելը (ինչպիսին է Ճեմարանի 90-ամեակի ընձեռած այսօրուան առիթը), եւ այլ ոգեւորիչ, յուսադրիչ, տրամադութիւններ բարձրացնող քայլերն են, որոնք պիտի օգնեն: Դիմատետրով «խելք տալ»-ը չէ՛, որ ազգին հարցերը պիտի լուծէ:
Քաղաքացիական պատերազմ ապրած ըլլալով, եւ իր համրանքին մէկ մասը Լիբանանէն արտագաղթի պատճառով կորսնցնելով հանդերձ, լիբանանահայութիւնը մինչեւ անցնող հոկտեմբեր ազգային առողջ կեանք ունէր (իմա՝ աշխոյժ թատրոն, մամուլ, աւելի քան 6500 ամէնօրեայ հայկական վարժարանի աշակերտութիւն, դպրոցական համակարգ, հայկական համալսարան, ազգային-քաղաքական գործունէութիւն՝ երեսփոխաններով ու նախարարներով, ներգործօն եկեղեցական համակարգ եւ այլն): Անկասկած որ ներկայի տագնա՛պն ալ տարիներ կրնայ տեւել, որովհետեւ ծանր է ան: Սակայն, անցեալի փորձառութենէն մեկնած, եւ մեր բոլորի անսակարկ ու անյապաղ օժանդակութեամբ ու բարոյական նեցուկով լիբանանահայութիւնը այս տագնապը յաղթահարելու է եւ շարունակելու գրաւել մեր սփիւռքեան խճանկարին մէջ իր իւրայատուկ տեղը: Ինչպէս մի՛շտ ըրած է ան մեր վերջին հարիւրամեակին:
Լոս Անճելըս, Յուլիս 2020