… Ի՞նչն է, որ այնքան կը մեծցնէ Քրիստափորը. ո՞ւր է անոր ժողովրդականութեան գաղտնիքը: Նա չունէր բնաւ այն փայլն ու շուքը, որ յատկանիշն է Հայոց աշխարհի մեծերուն: Չունէր պերճ, գրաւիչ լեզու, ինչպէս Խրիմեան, եւ չէր կատարեր անոր պէս քարոզչական խանդավառ թափօրներ: Չունէր հրապարակագրի կոչում, տաղանդ, ինչպէս Նալբանդեան եւ Արծրունի, եւ չէր խօսեր անոնց պէս հայ ժողովուրդին` թերթերու, հանդէսներու բարձր ամպիոններէն: Չէր գրեր բոցավառող ու լացնող վէպեր, ինչպէս Րաֆֆի, չէր օժտուած խօսնակ քնարով, ինչպէս Պատկանեան, չէր կախարդեր բազմութիւններ թատերական բեմէն, ինչպէս Պետրոս Ադամեան:
Լռիկ, անշուք, համեստ մտաւորական մը, որուն միակ արտաքին փայլը իր նուրբ, տանջուած, վեհօրէն գեղեցիկ, առաքելական դէմքի մէջ էր: Շատեր չէին իսկ տեսած զինքը: Ոչ ալ կարդացած իր սակաւաթիւ, փոքր ինչ դժուարամարս յօդուածները: Բայց մէկ բան գիտէին ամէնքը. նա կազմակերպութեան գլուխն էր եւ ինքը գերագոյն կազմակերպիչը:
Կազմակերպիչ ոգի… Այտեղ Քրիստափորեան հմայքի գաղտնիքը: Հազուագիւտ առաջնորդ մը, որ իր ընտիր իմացականութիւնը կը միացնէր եւ բարոյական խոշոր առաքինութիւններ` հաստատուն նկարագիր, անյողդողդ կամք, անաղարտ մաքրութիւն եւ անկաշառ շիտակութիւն:
***
… Եւ ահա Ռոստոմը: Նա ինքն ալ
խոշոր «լրացուցիչ» մըն էր, ինքն ալ ոչ պակաս անհրաժեշտ երրորդութեան մէջ` թէ՛ իր նուրբ իմացականութեամբ եւ թէ՛ իր աւելի հանգիստ, հարթ ու հաւասարակշռուած խառնուածքով: Միայն գիտէր ինքզինքը ջնջել միւսներուն առջեւ,- եւ այդ կ՛ընէր սիրով, բնականօրէն, առանց ցոյցի ու կեղծ համեստութեան: Մեծամոլութեան արատը, որ իր հիւանդագին արտայայտութիւններով այնքան յատուկ է հայ մտաւորականին նաեւ հասարակ, խորթ, օտար էր մեր Երրորդութեան անդամներուն, – այն օտար էր մանաւանդ Ռոստոմին: Դժուար է գտնել մեր հին ու նոր, ռուսահայ ու թրքահայ բարձր մտաւորականութեան շարքերուն մէջ ուրիշ դէմք մը, որ լինելով ի բնէ այնքան լայնօրէն օժտուած, ունենալով խելքի, հիումըրի, արիութեան եւ անձնազոհութեան այնքան առատ պաշար, միեւնոյն ժամանակ այն աստիճան զերծ լինէր ինքնապաշտումի, փառասիրութեան, ունայնամտութեան հակումներէն, ինչպէս Ռոստոմ:
«Կատարե՛նք մեր պարտքը մեր թշուառ ժողովուրդի հանդէպ… Փա՞ռք, ծա՞փ, դափնինե՞ր,- ունայնութիւն ունայնութեանց»… Այդպէս կ՛ըսէր, մեզ անոր մշտազուարթ ու ժպտուն դէմքը, իւրաքանչիւր խօսքը եւ ժեսթը:
… Ժընեւում, 1892- էն ի վեր, խմբագիրն էր «Դրօշակ»-ի եւ ինքն իսկ գրաշար:
… Գրելու ձիրք չունէր, թէեւ լաւագոյնն էր եղածներուն մէջ: «Դրօշակ»-ի խմբագրապետն էր եւ ինք առաջինը կը խնդար իր տիտղոսին վրայ: Յօդուած մը գրել ճառ մը ըսել, բանախօսութիւն մը ընել – ճշմարիտ տառապանք էր իրեն համար: Մեծ մասով ընկերներու գրել կու տար «Դրօշակ»-ի յօդուածները եւ ինքը սիրով կը շարէր: Մեր ամէնէն զարգացած ընկերներէն էր:
***
Ու ապա Սիմոն Զաւարեանը… Մաքրագոյնը մաքուրներէն, «Աշխարհիկ սուրբ», ինչպէս կ՛ըսէին ոմանք կատակով: Ջիղերու խուրձ մը, որ մշտապէս կ՛ալեկոծուէր ու կը բոցավառուէր: Փոքրահասակ, վտիտ եւ ջղուտ, սիրուն: Անդոնեսեան գլուխ մը, նուրբ դէմքով, թուխ, վառվռուն աչքերով: Համակ եռանդ, կեանք եւ շարժում: Ըմբոստ, հպարտ, գերազանցապէս ուրույն, անկախ նկարագիր մը: Երրորդութեան մէջ ամէնէն գիտունն էր եւ թերեւս ամէնէն հարցասէրը: Երեքին մէջ ամէնէն աւելի թափառեր էր, շփուեր ժողովրդային զանգուածներուն հետ,- եւ գլուխը լեցուն էր այլազան գիտելիքներու, տեսութիւններու պաշարով:
… 1890 թուականէն կը դառնայ կուսակցութեան տիրական դէմքերէն մէկը: Լինելով հանդերձ ուժեղ, շեշտուած անհատականութիւն իր ինքնատիպ մտակազմով, խառնուածքով ու գիտական պաշարով, Զաւարեան եւս առաւել սիրուած եւ յարգուած էր իր բարոյական առաքինութիւններով:
… ՀՅ Դաշնակցութեան բարոյախօսն էր նաեւ դատախազը միանգամայն: Չկար մի հատիկ ընկերական ժողով, ուր նա չխարանէր բարոյական սայթաքումները եւ չհոլովէր յաւիտենական պատգամները ուղղամտութեան, ազնուութեան, գաղափարային կարգապահութեան: Հայկական շարժումը անոր աչքին գերազանցապէս կրթիչ ազդակ մըն էր եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը անոր համար միջոց մըն էր` ոչ միայն Հայկական դատը հետապնդելու, այլեւ հայ ազգը դաստիարակելու, անոր բարոյական մակարդակը բարձրացնելու:



