Երէկ, 13 յուլիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայնային կապ հաստատեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Վեհափառ հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնելէ ետք ստեղծուած կացութեան նկատմամբ` իր հայրական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը փոխանցեց հայոց բանակին: