Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Սակրաւորները Սուրիոյ Մէջ Առաքելութեան Ընթացքին Ականազերծած Են 185.209 Քմ Տարածք

July 2, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդասիրական ականազերծողներու, բժիշկներու եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներու 73 հոգիէ կազմուած 5-րդ խումբը 16 յունիսին մեկնած է Սուրիա:

«Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»-ին համաձայն, 19 յունիսին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է հինգերորդ խումբի հայ մասնագէտներուն հետ եւ յաջողութիւն մաղթած անոնց: Քննարկուած են աշխատանքային առաքելութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

23 յունիսին Հալէպի մէջ տեղակայուած ռուսական Հակամարտող կողմերու Հաշտեցման կեդրոնի ղեկավար կազմը եւ Հալէպ նահանգի անվտանգութեան կոմիտէի ղեկավարի տեղակալը` ճանաչողական այցելութեան ծիրին մէջ այցելած են մարդասիրական խումբին: Անոնց նպատակն էր ծանօթանալ եւ քննարկել խումբին հետագայ գործունէութիւնը եւ համագործակցութեան հիմնական դրոյթները:

29 յունիսին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ներկայացուցիչ Արկադի Տօնոյեան հանդիպում ունեցած է Գաղթականներու դանիական խորհուրդի ղեկավար Պրենտա Ֆլորսի եւ անոր աշխատակազմին հետ: Հանդիպման ընթացքին խորհուրդի ղեկավար կազմին հետ քննարկուած են մարդասիրական խումբին եւ գրասենեակին համագործակցութեան հաւանական տարբերակները` «Ականներու վտանգի իրազեկման եւ ականներէ տուժածներու աջակցութեան» ծրագիրներուն վերաբերեալ:

Յունիսին Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող 5-րդ խումբի սակրաւորները ականազերծած են 2450 քառակուսի մեթր ականապատ տարածք, յայտնաբերած են երեք ՎՕԳ-17 ական, ինչպէս նաեւ` ինքնաշէն պայթունավտանգ առարկաներ:

Այսպիսով` առաքելութեան առաջին իսկ օրէն ականազերծուած է 185.209 քառակուսի մեթր տարածք, որմէ սուրիական իշխանութիւններուն հաւաստագիրներով յանձնուած է 142.000 քառակուսի մեթր տարածք: Հայաստանի մարդասիրական 5-րդ խումբի բժշկական խումբը համաճարակային սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած է 646 բնակիչի: Այսպիսով` 2019 թուականի փետրուարէն մինչեւ այսօր բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է 13.772 հիւանդի: Մարդասիրական խումբի մնայուն տեղակայման ամբողջ տարածքին կը շարունակուին ամէնօրեայ ախտահանման աշխատանքները: Թէեւ Հալէպի մէջ առկայ են համաճարակին հետ կապուած շարք մը սահմանափակումներ եւ դժուարութիւններ, բայց եւ այնպէս մարդասիրական խումբը բարձր մակարդակով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Շիրինեան. «Յաջողած Ենք Կանխել Թրքամէտ Եւ Ազրպէյճանամէտ Թեկնածուներու Յաղթանակը»

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.