Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲՀԿ, ՀՅԴ ԵՒ Հայրենիք Կուսակցութիւնները Յանցագործութեան Մասին Հաղորդում Ներկայացուցին

Յուլիս 1, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 30 յունիսին Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւնները յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցին Հայաստանի Ընդհանուր դատախազութիւն` պահանջելով քրէական գործ յարուցել օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատար այլ անձերու յանցակցութեամբ առանձնապէս ծանր յանցանքներ կատարելու փաստերու առիթով:

Լիազօր ներկայացուցիչները միացեալ հաղորդումը ներկայացնելէ ետք  հանդէս եկան զրոյցով մը:

Հայրենիք կուսակցութեան անդամ Արսէն Բաբայեանը լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ յանցագործութեան մասին հաղորդման բովանդակութիւնը կը ներառէ այս երկու տարիներուն ընթացքին նախաձեռնուած եւ իրականացած ամբողջ գործընթացը:

Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեան լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսաւ. «Կ՛ուզենք ապաւինիլ Ընդհանուր դատախազութեան ողջախոհութեան: Ներկայացուած փաստերը աւելի քան հիմնաւոր, անբեկանելի են եւ կ՛ակնկալենք, որ իրաւական համակարգը պիտի առաջնորդուի բացառապէս օրէնքով»:

Իսկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան ըսաւ. «Անցնող մէկուկէս տարիներուն տարբեր քաղաքական ուժեր իրենց քաղաքական գնահատականները տուած են այն իրականութեան, երեւոյթներուն, ես պիտի ըսէի` զաւթողական վերաբերմունքին, որ կայ Հայաստանի մէջ դատական իշխանութեան նկատմամբ` սկսեալ Նիկոլ Փաշինեանի` դատարանները արգելափակման կոչէն»:

Շարունակելով լրագրողներուն հետ զրոյցը`  Լիլիթ Գալստեան աւելցուց. «Քաղաքական գնահատականները տրուած են, բայց մեր տուած քաղաքական գնահատականները ունին նաեւ իրաւական արժէք, նկարագրութիւն, եւ շատ բնական է, որ այս բոլորին լոյսին տակ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքը կը նախատեսէ համապատասխան յանցանք երեք դրուագով` իշխանութեան զաւթում, լիազօրութիւններու անցում եւ սահմանադրական կարգի տապալում: Քաղաքական գնահատականներուն կը յաջորդեն իրաւական գնահատականները, եւ մենք լիայոյս ենք, որ դատախազութիւնը եւ իրաւապահ մարմինները առարկայականութեան եւ իրենց լիազօրութիւններու սահմանին մէջ կու տան անաչառ գնահատական»:

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Քննարկեց Ելեւմտական Եւ Կրթական Հարցերը Եւ Համաձայն Գտնուեցաւ Կրթական Մարզին Տրամադրել 500 Միլիառ Լ. Ոսկի

Յաջորդը

Երեք Կուսակցութիւններու Ստեղծած Աշխատանքային Խումբի Հաղորդագրութիւնը

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?