Դանիական Ֆութպոլ. Էդգար Բաբայեան՝ Կոլի Հեղինակ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Էդգար Բաբայեան, որ մաս կը կազմէ դանիական Հոպրօ խումբին, նախորդ շաբաթավերջին դարձաւ կոլի հեղինակ, յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով:
Դանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, անոր կազմը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին՝ Լինկպիի հետ: Ան նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը, փենալթիով՝ 47-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ նախորդ հանգրուանին անոր նշանակած կոլին շնորհիւ, Հոպրօ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Ռանտերսին:
Հոպրօ, այժմ 23 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 12-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Միտթիյլենտ, որ ապահոված է 65 կէտ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական