Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ ամերիկեան «Clutch Chess International» առցանց մրցաշարքին, քառորդ աւարտականին ճակատեցաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ՝ Ալեքսանտր Կրիսչուքի դէմ:
Անոնք երկուքը իրարու դէմ կատարեցին վեց մրցում: Կրիսչուք արձանագրեց երկու յաղթանակ, Արոնեան՝ մէկ, մինչ մնացեալ երեքը վերջ գտան հաւասարութեամբ:
Այժմ Արոնեան առաւելագոյն 8 կէտէն ապահոված է 5 կէտ: Անոնց միջեւ տեղի պիտի ունենան վեց այլ ճակատումներ ալ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականայ կիսաւարտական հասնողին անունը:
Մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտ-ը կը կազմէ՝ 265 հազար ամերիկեան տոլար: Անիկա կազմակերպուած է ամերիկեան Սենթ Լուիս քաղաքի ճատրակի ակումբին կողմէ: