Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ եւ անոր անմիջական մրցակիցը՝ Պորուսիա Տորթմունտ յաղթանակներ արձանագրեցին:
Պայէրն իր յաղթանակը արձանագրեց Պայեր Լեւըրքուզընի դաշտին վրայ, 4-2 արդիւնքով, մինչ Տորթմունտ 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին՝ Հերթա Պերլինին:
Արձանագրուած այս արդիւնքներուն լոյսին տակ, այսպիսով անոնց միջեւ կէտերու տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ՝ եօթը, ի նպաստ՝ Պայէրնի: Երկրին գործող ախոյեանը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 70 կէտ, մինչ Տորթմունտ՝ 63 կէտ:
Հոս պէտք է նշել, որ Պայէրն իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, «Պունտըսլիկա»-յի նոր մրցանիշ մը հաստատեց, նկատի ունենալով որ անիկա հանդիսացաւ առաջին կազմը, որ 30 մրցումի ընթացքին կը նշանակէ 90 կոլ: