Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») յառաջիկայ տարեշրջանը կրնայ տեղի ունենալ որոշ փոփոխութիւններով, այս գծով կը յայտնէ «La Repubblica»:
Ըստ պարբերաթերթին, եթէ 2020-2021 տարեշրջանը մինչեւ յառաջիկայ 12 սեպտեմբեր չսկսի, ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը պիտի բաժնուին երկու խմբակի, իւրաքանչիւրը՝ տասը խումբ: Լաւագոյնները պիտի ապահովեն փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն իրենց տոմսը:
Ներկայ դրութեամբ, «Քալչիո»-ի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը պիտի վերսկսի յառաջիկայ 20 յունիսին: