Լոռի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ Արմէն Սանամեան նշանակուեցաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:
Նախապէս, Սանամեան եղած է լիբանանեան Նըժմէի մարզիչ, ինչպէս նաեւ մարզիչի պաշտօններ վարած է՝ Ալաշկերտի, Գանձասար-Կապանի, Արցախի եւ Սեւանի հետ:
Սանամեանի մարզական խմբակին մէջ ընդգրկուեցան նաեւ՝ Արա Նիգոյեան եւ Աշոտ Գրիգորեան:
Վանաձորի Լոռիի սպանացի մարզիչ՝ Տաւիտ Քամբանիայի եւ անոր օգնական խմբակին պայմանագրութիւնները աւարտած ըլլալով, անոնք պիտի չվերադառնան Հայաստան, բնականաբար «Քորոնա» ժահրին պատճառով: