Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան՝ Պարսելոնայի 5 ֆութպոլիստ եւ 2 մարզիչ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, այս գծով կը յայտնէ սպանական «AS» մարզական անուանի օրաթերթը:
Ըստ վերոնշեալ օրաթերթին, Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը այս մէկը թէեւ կարճ ատեն մը գաղտնի պահած է, բայց այդ մէկը շուտով բացայայտուած է:
Ակումբին մաս կազմող բոլոր ֆութպոլիստներուն, մարզիչներուն եւ աշխատակիցներուն վրայ կատարուած քննութիւններէն միայն այդ եօթին մօտ յայտնուած է այդ ժահրը,տալով դրական պատասխան:
Նշուեցաւ, որ մինչեւ ընդմիջուած ախոյեանութեան վերսկսումը, անոնք բոլորն ալ ամբողջութեամբ ապաքինած կ՛ըլլան:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը՝ «Լա-Լիկա»-ն պիտի վերսկսի յառաջիկայ 11 յունիսին: