Մայիս 28-ն Արամ Ա. կաթողիկոսին անուանակոչութեան օրն է: Վեհափառ հայրապետը ձեռնադրուած է 1968-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան յիսնամեակին, եւ այդ առիթով ստացած է Արամ անունը:
Արդարեւ, հինգշաբթի, 28 մայիս 2020-ին, միաբան հայրեր շնորհաւորեցին վեհափառ հայրապետը եւ իր հայրական օրհնութիւնը ստացան: Միաբանութեան զգացումներուն, մաղթանքներուն ու մտածումներուն թարգմանը հանդիսացաւ երիտասարդ միաբան հայրերէն Աւետիք աբղյ. Տէր Կարապետեան: Իր ուղերձին մէջ հայր սուրբը ըսաւ, որ վեհափառ հայրապետը սարդարապատեան շունչով անցնող 25 տարիներուն նոր ոգի ու տեսլական տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան:
Վեհափառ հայրապետը, իր գնահատանքը յայտնելէ ետք միաբան հայրերու նուիրեալ ծառայութեան` մայրավանքին եւ թեմերուն մէջ, կարգ մը գործնական յիշեցումներ կատարեց յատկապէս ներկայ պայմաններուն առնչուած հարցերուն շուրջ` շեշտելով, որ մեր եկեղեցին կոչուած է աւելի ազդու կերպով իր ծառայութիւնը կատարելու իր ժողովուրդի զաւակներուն, մանաւանդ այս օրերուն, երբ բազմաթիւ ու բազմազան են մեր ժողովուրդին կարիքները եւ սպասումները մեր եկեղեցիէն: