22 մայիսին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրի վարակման 322 նոր դէպք, մահացած է 4 հոգի: Այսպիսով Հայաստանի մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 5928-ի, ապաքինածներունը` 2874-ի, ապաքինման ընթացքին մէջ գտնուողներունը` 2952-ի, մահացողներունը` 74-ի, իսկ կատարուած քննութիւններունը` 47.654-ի:
Իսկ Արցախի մէջ արձանագրուած է վարակման 4 նոր պարագայ` ընդհանուր թիւը հասցնելով 33-ի: «Քորոնա»-ի քննութիւն կատարած է 669 հոգի, կայ 69 մեկուսացուած անձ: