Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 22 մայիսին հանդիպում ունեցաւ աշխատանքային այցելութեամբ Ստեփանակերտ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանին հետ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին արտաքին քաղաքական մարզին մէջ համագործակցութեան օրակարգի գերակայ ուղղութիւններուն վերաբերեալ եւ գոհունակութիւն յայտնեցին երկու գերատեսչութիւններուն միջեւ ստորագրուած խորհրդակցութիւններու ծրագիրի կատարման ընթացքին վերաբերեալ: Կողմերը ընդգծեցին արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրները յաղթահարելու նպատակով ներդաշնակ եւ համակարգուած ջանքերու շարունակականութեան կարեւորութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները անդրադարձան Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին: Զոհրաբ Մնացականեան ներկայացուց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին մասնակցութեամբ տեղի ունեցած առցանց հանդիպումին արդիւնքները:
Նախարարները նաեւ միտքեր փոխանակեցին միջազգային համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ` պայքարելու «Քորոնա»-ի ժահրի տարածման դէմ: