Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին համաձայն, 6 ապրիլի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասած է 833-ի, իսկ բուժուողներուն թիւը` 62-ի:
Ներկայ դրութեամբ բուժում կը ստանան 763 վարակակիրներ: Ցարդ մահացած է 8 անձ: Քննութիւն կատարած է 4096 հոգի: