Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան՝ Դարբինի Փոքր Մուրճը

Մարտ 27, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

2018-ին տեղի ունեցած, այսպէս կոչուած յեղափոխութիւնը հազիւ կայացած, մայիս ամսուան կիսուն այցելեցի Երեւան մայրաքաղաք՝ նախ ներկայ ըլլալու Համազգայինի Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին, ինչպէս նաեւ անոր կազմակերպած գիտաժողովին, երկրորդ՝ Երեւան բնակող զաւակներուս հետ ժամանակ անցընելու, իսկ երրորդ՝ ներկայ գտնուելու Հայաստանի Հանրապետութեան մայիս 28-ի հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն։

Զաւակներուս հետ ըլլալ, որքան որ կարօտս պիտի յագեցնէր, սակայն նոյնքան հոգերպարար պիտի ըլլար (այդպէս համոզուած էի) վայելել 100-ամեակի հանդիսութիւններն ու տօնախմբութիւնները։ Սակայն այդպէս չեղաւ, եւ  100 տարին անգամ մը տեղի ունեցող այդ հանդիսութիւններէն հոգեբեկուած ու յուսախաբ դուրս եկայ։

Մասնաւորաբար վրդովուած ու դառնացած վերադարձայ Սարդարապատէն, թէեւ այնտեղի գլխաւոր հանդիսութեան ներկայ գտնուելու համար տեղ գտած էինք տղաս՝ Վահանը ու ես՝ ծածկուած պատուանդանին տակ. յետոյ իրազեկ եղայ, որ պետական եւ կուսակցական բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ, ակադեմական անձնաւորութիւններ մնացած էին փողոցը՝ կիզիչ արեւուն տակ եւ ամբոխին հրմշտուքներուն մէջ։

Այնտեղ պրն. վարչապետը խօսք առաւ, մինչ իր կողքին կանգնած նախագահը կարծես անոր շուքը կամ թիկնապահը ըլլար։

Սկսաւ տողանցք։ Կամաւորական խումբերու եւ 1918-ին մարտնչող նորակազմ բանակի տարազներով… եւ այլն։ Եւ յանկարծ, անհասկնալիօրէն՝ Բ. Աշխարահամարտի պատկերը փոխանցող կարմիր բանակի տողանցք… Այն կարմիր բանակին, որ 1921-ին քանդեց նորաստեղծ հանրապետութիւնը։

Վայելելէ ետք այդ «աճաբ-սանդալ ղալմաղալը», յուսախաբ վերադարձանք Երեւան։

Ճամբան կը մտածէի, թէ արդեօք Խորհրդային Հայաստանի մէ՞ջ կը գտնուիմ, թէ՝ 30 տարուան վերանկախ հայրենիքիս։ Երեսուն տարիներ անցած էին, բայց, հագուստներուն մէջ դրուած «նէֆթալինի» նման, տակաւին խորհրդային հոտ կու գայ իմ հայրենիքէս։

Տակաւին սեւի ու ճերմակի տուն-տունիկը չէր սկսած։ Տակաւին յեղափոխական վարչապետը ապահարզան չէր տուած իր նորակազմ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան։ Տակաւին Ազգային ժողովի ափալ–թափալ՝ հապճեպ ընտրութիւնները տեղի չէին ունեցած։ Տակաւին ազգը յեղափոխական եւ հակայեղափոխական շերտերու չէր բաժնուած-զատուած։ Տակաւին յեղափոխական ցեխարձակումներ տեղի չէին ունեցած Հայ եկեղեցւոյ վրայ։ Տակաւին ԼԳՏՊ-ները իրենց անասնական ու համարձակ գլուխները չէին բարձրացուցած։ Տակաւին ընդդիմախօսները «ասֆալթին փռելու» սպառնալիքներ չէին ուղղուած։ Տակաւին նախարար Արայիկ Յարութիւնեանն ու իր նմանները՝ մեր նոր Փանջունիները, իրենց «ուղեղներու փայլատակումները» չէին հրապարակած։ Տակաւին… տակաւին… տակաւին…

Սարդարապատէն Երեւան վերադարձի ճամբուն վրայ կը մտածէի մեղրով լեցուն կարասին մասին, որուն տակ արդեօք ինչո՞վ խարդախած էր ծախողը։ Կը մտածէի՝ այո՛, ստացանք ձմերուկ մը, բայց միջուկը ի՞նչ գոյն էր՝ ճերմակ, կարմիր թէ փուճ սեւ։

Յեղափոխութիւն յորջորջուածին մեղրամիսն էր։

Հայաստանէն հազիւ տուն՝ Քեսապ հասած, բացի Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», փնտռելու համար, թէ կեանքի արեան մէջ յեղափոխութիւնը սերտած ու ուսանած Ռուբէն այսպիսի «մոտերն» յեղափոխութիւն տեսա՞ծ էր, կամ՝ երեւակայա՞ծ…

Այնտեղ ոչինչ գտայ այս նորաձեւ «յեղափոխութեան» նման։ Ինծի համար եղածը պալատական յեղաշրջում էր։ Եւ օրերը եկան ենթադրութիւնս հաստատելու։

Գուցէ կան փիլիսոփաներ, որոնք կրնան փաստել, որ «հինգ անգամ հինգ, հաւասար է յիսունի» ինչպէս ըսած էր «Ընկեր Փանջունին» իր դասընկերոջ եւ ըսածը ապացուցելու համար քարով պատռած  եւ արիւնած գլուխը. ապա իմ գիւղականի գլուխս՝ ուղեղս կը հաւատայ իսկական ապացոյցներու եւ ոչ թէ հնչեղ խօսքերու, ճառերու, բացագանչութիւններու… նոյնիսկ եթէ քարով գլուխ պատռեն։

Արդէն մօտ երկու տարիներ անցած են այդ յեղափոխութիւն պիտակուած օրերէն։ Անցած է անոր պատճառած գինովութիւնը, փարատած մշուշը, յատակին հասած է կարասին մեղրը, եւ սկսած է միւս պարունակութիւնը երեւան գալ։

Հայրենիքին սպառնացող մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները իրենց գլուխները աւելի համարձակօրէն ցցելու սկսած են։

Ամէն օր ականատես կամ ականջալուր կ՛ըլլանք նոր գաղթակղութեան մը, նոր ցնցումի մը, նոր փայլատակումի մը։

Բաժնէ՝ որ տիրես…

Խաչակրութիւն եւ վհուկներու որս հանդէպ ամէն ինչի, ամէն անձի, ամէն կառոյցի ու կազմակերպութեան, «որոնք մեզի դէմ են, քանզի մեզի հետ չեն…» անտրամաբանական… տրամաբանութեամբ։

Թիրախներն են՝ կրթական, առողջապահութեան, տնտեսական, եկամտահարկի, կրօնական, արդիւնաբերական, ռազմաքաղաքական, լրատուական, դատական, կուսակցական եւ գրեթէ ամէն բնագաւառները. անոնք ենթակայ են հատուածական, միակողմանի, քմայքոտ նետարձակումներու… յանուն «յեղափոխութեան»։

Ակամայ կը մտաբերեմ 1917-ի պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք արժանագին ձեւով հրապարակ նետուած հետեւեալ լոզունգը.

– Քանդել հինը, կառուցել նորը…

եւ

– Հաճելի է յեղափոխութեան փորձը…։ Այսպէս ըսած է Լենին։ Փորձ մը, որ միլիոնաւոր կեանքեր արժեց… Իսկ Հայաստանի ճակատագիրը մնաց բախտախնդիրներուն ոտքին տակ՝ Կասեան Խեւ Աւիս Նուրինջանեան… արիւնակզակ «յեղափոխականներու»։

Տողերովս յաւակնոտութիւնը չունիմ առարկայական ու խորքային քննութեան ենթարկելու անցեալի այդ արիւնոտ էջերը, թէ մերօրեայ «յեղափոխական սխրանքները»…։ Սակայն տպաւորութիւնն այն է, որ այս նորելուկները ցարդ չունին ռազմաքաղաքական եւ մանաւանդ ազգային, ապա տնտեսական հայեցակարգ։ Ցարդ հրամցուածները պատեհապաշտօրէն յղուած խօսքեր են, հակառակ այն իրողութեան որ մեր զոյգ հանրապետութիւններուն երկնակամարը ամպոտած է մուգ ու գորշ ամպերով՝ մղուած միջազգային թէ շրջանային մեծապետական ուժերու կողմէ։

Ազգային միասնական կեցուածք մը որդեգրելու փոխարէն, ընդդէմ այդ մարտահրաւէրներուն, երկիրը բռնած է մենիշխանութեան, սուր հատուածականութեան, այլամերժութեան, անհանդուրժողութեան, զիրար «ասֆալթին փռելու» միակողմանի եւ հիւանդագին կեցուածքներու ճանապարհը՝ նոր իշխանութիւններուն ճանապարհը։

Իրերու այս ընթացքը զիս մտովին վերադարձուց 1916-1917-ի Կովկասի իրավիճակը վերաքաղ կատարելու։

Ա. Աշխարհամարտ, Հայոց Մեծ եղեռն, Կովկասի հայ կամաւորականի խումբերու կազմում ու լուծարք, «Հայաստան առանց հայերու» Ռոմանովներու քաղաքականութիւն, ապա 1917-ի Փետրուարեան եւ Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւններ…

Ռոստոմի խօսքով՝ «Պատերազմ եւ յեղափոխութիւն…»։

Կովկասը կ՛ապրէր «Օզակոմի» օրերը։ Բանուորական, գիւղացիական եւ զինուորական խորհուրդներ. ազգամիջեան՝ հայ-վրացի-թաթար հակադրութիւններ…

Հայոց քաղաքական բեմը գրաւուած էր չորս գլխաւոր կուսակցութիւններով։

Ջախջախիչ մեծամասնութեամբ՝ ՀՅԴ-ն, հայ ժողովրդական կուսակցութիւնը (Հայ-բուրժուազիայի կուսակցութիւնը), Սոցիալ-Յեղափոխական (Ս.Յ.), Սոցիալ-Դեմոկրատ (Ս.Դ.) իր մենշեւիկ եւ պոլշեւիկ թեւերով եւ անկուսակցական ազդեցիկ անհատականներ։

Ս.Յ.-ներն ու Ս.Դ.-ները ինկած ու մնացած էին վրացական եւ ռուսական համանուն կուսակցութիւններուն շուքին եւ ազդեցութեան տակ։

Ճիշդ այդ ժամանակը կը գումարուի Արեւելահայոց Համագումարը։

Այդ համագումարէն կը բխի Ազգային ժողովը՝ 50 անդամներով, եւ Ազգային խորհուրդը՝ 12 անդամներով, որոնց 6-ը՝ դաշնակցականներ։

Ապա անկախ Հայաստանի խորհրդարանին սաղմն էր։

Հայաստանի չորրորդ վարչապետ՝ Սիմոն Վրացեան մանրամասն կը նկարագրէ այդ քաոսային օրերը (տես՝ «Կեանքի ուղիներով» Դ. հատոր, Գ. տպագրութիւն, 2007, էջ 52-65)։

Վերոյիշեալ երկու կուսակցութիւնները՝ Ս.Յ.-երը եւ Ս.Դ.-երը մերօրեայ «յեղափոխականներուն» նման՝ լի այլամերժութեամբ անհանդուրժողութեամբ… եւ մասամբ նորին, կը խարխափէին հայ կեանքի կենալու-չկենալու այդ օրերուն։

Արեւելահայ համագումարին անոնց պատգամաւորներէն մի քանին իրենք իրենց թոյլ կու տան, Դաշնակցութեան հասցէին զրպարտութիւններ, ցեխարձակումներ եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ ունենալու։

Դաշնակցութեան կողմէ խօսք կ՛առնէ Նիկոլ Աղբալեանը, որ բարձր ներշնչումով ճառ մը կ՛արտասանէ՝ մի առ մի հերքելով Դաշնակցութեան կատարուած վերագրումներն ու որակումները։ Խօսքը եզրափակելով՝ ան կ՛ըսէ.

– Դաշնակցութիւնը մենատիրութեան ձգտում չունի։ Դուք տեսե՞լ էք երկաթագործի արհեստանոցը, ուր մեծ սալի վրայ կոփւում է շիկացած երկաթը։ Վարպետը մի ձեռքով բռնում է աքցանը, միւս ձեռքի փոքր մուրճով ցոյց է տալիս երկաթի ո՞ր կէտից պէտք է զարնել, եւ աշկերտները ցոյց տուած տեղը ծեծում են մեծ մուրճով։ Պատահում է, որ աշկերտները սխալ տեղ են զարնում, այն ժամանակ վարպետը իր ձեռքի փոքր մուրճով նրանց գլխին զարնելով, կարգի է հրաւիրում։ Գլխի՞ էք։ Դաշնակցութիւնը ահա այդ վարպետն է հայ կեանքում, իսկ միւս կուսակցութիւնները՝ աշկերտներ…

Վրացեան կþընդգծէ.

– Աղբալեան իրեն յատուկ պերճախօսութեամբ ասել էր ճշմարտութիւնը. Այո՛, բայց փորձեցէք ասել ճշմարտութիւնը տգեղ կնոջ՝ «Տիկին դուք տգեղ էք…»։

Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։

Նոյն որակի «յեղափոխականներ», նոյն որակի բախտախնդիրներ…

Աղբալեանի խօսքերը եւ Վրացեանի եզրակացութիւնը այժմէական կը մնան ցայսօր։

Մէկ դար առաջ  ձափռտուքներ ժայթքող «յեղափոխականները» Հայաստանը տարին եւ գցեցին «Պոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի» միջեւ, եւ հայութիւնը կորսնցուց մեր նորաստեղծ հանրապետութեան անկախութիւնը, որ շատ սուղ արեամբ վաստկուած էր. «… Վեց դարերու խաւարի վրայ, դրօշ Եռագոյն»։

Իմ տեսադաշտին տակ գտնուող վերոյիշեալ ժխտական երեւոյթները ո՞ւր կրնան տանիլ երկիրը. «Յո՞ երթաս Հայաստան»։

Հայրենիքէն հեռու՝ Քեսապ, սրտով ու հոգիով հայրենիք, իւրաքանչիւր ելեւէջին մեր սրտերը շտապ-արագ կը բաբախեն, ու մեր մտքերը կը մտահոգուին մեզի մէկ փոքր բաժին մնացած այդ հողաշերտին ու այնտեղ բնակող քոյր եղբայրներուն ապագայով։ Մեր վերջին յոյսն է հայրենիքը։

Աստուած հաստատ ու անխախտ պահէ Դաշնակցութեան փոքրիկ մուրճը, որուն համար կեանքը տակաւին շատ դերակատարութիւն վերապահած է։

Վա՛յ մեր ազգին, եթէ պահ մը Դաշնակցութիւնը զրկուի իր մուրճէն, ու դարբինի սալը մնայ «նէօ-յեղափոխականներուն» քմայքին։

«Անմար մնայ մեր գլխին,

ՀՅԴ-ի արեւը»։

Քեսապ
Փետրուար 2020

 

Նախորդը

Քսաններու Խմբակը Տեսաժողովի Մը Ընթացքին Որոշեց Ելեւմտական «Մեծ» Օժանդակութիւն Տրամադրել Զարգացող Երկիրներուն

Յաջորդը

«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Հայ դատի յանձնախումբերու ուղին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?