ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք յայտարարած է, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ԵԱՀԿ-ը կը դադրեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ մշտադիտարկման աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքը:
Քասփրչիքի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով յառաջացած իրավիճակը յանգեցուցած է շրջանին մէջ միջազգային սահմաններու փակման եւ անձնական հաղորդակցութիւններու սահմանափակման:
«Հաշուի առնելով վերոնշեալը եւ խորհրդակցելով կողմերուն հետ` մշտադիտարկման աշխատանքները պիտի դադրեցուին մինչեւ սահմանափակումներու վերացումը», ըսած է Քասփրչիք:
ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչը նաեւ նշած է, որ ինք կը շարունակէ կապի մէջ մնալ զինուորական համապատասխան իշխանութիւններուն հետ:



