Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքի հարցերով գրասենեակի զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու գլխաւոր խնդիրներն են խոշտանգումները, կամայական ձերբակալութիւնները, բանտերու մէջ առողջութեան համար վտանգաւոր պայմանները, սեռային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ոտնձգութիւնները, երեխաներու աշխատանքային շահագործումը:
Կը նշուի, որ կառավարութիւնը քայլերու ձեռնարկած է նմանատիպ յանցագործութիւնները չէզոքացնելու ուղղութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի դատական իշխանութեան ազատութեան, ապա զեկուցումին հեղինակները կը նշեն, որ միշտ չէ, որ դատական համակարգը կը կիրարկէ ազնիւ եւ հանրային դատավարութեան սահմանադրական իրաւունքի իրագործումը: Իբրեւ օրինակ` զեկուցումին մէջ կը նկարագրուին 2018 թուականի իշխանափոխութիւնն ու ատոր յաջորդած գործողութիւնները: Մասնաւորաբար կը ներկայացուին Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դատավարութեան ընթացքն ու դատաւոր Աննա Դանիբէկեանի նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունք ցուցաբերած երիտասարդի դէպքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի` դատարաններուն աշխատանքը արգելակելու մասին յայտարարութիւնը:
Զեկուցումին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ բանակին: Կը նշուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը ոչ ամբողջական տեղեկատուութիւն տրամադրած է բանակին մէջ զոհուած զինուորներուն մասին: Այս առնչութեամբ յիշատակուած է 1 յունուարին Սիւնիքի մարզին մէջ ենթադրաբար անձնասպանութիւն գործած պայմանագրային զինուոր Էտկար Գրիգորեանի մահուան դէպքը: