Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
ԹԷեւ դրական տրամադրութեամբ չէք զինուած, բայց եւ այնպէս օրը պիտի ընթանայ հեզասահ եւ նիւթական յաջողութիւն պիտի արձանագրէք` անակնկալօրէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նիւթականի վերաբերող բանակցութիւններ պիտի կատարէք եւ գոհացուցիչ արդիւնքներու պիտի հասնիք: Անկարելիին ու իտէալականին մի՛ ձգտիք, բաւարարուեցէք ձեր ապահովածով:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ դրական եւ լաւատես տրամադրութեամբ լեցուիք, նպատակնիդ պիտի կարենաք իրականացած տեսնել առանց մեծ ճիգի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր շուրջ եղած զարգացումները ձեզ պիտի մղեն դէպի բարձունք, վերելք եւ յաջողութիւններ, ուստի ձեզի կը մնայ լաւապէս օգտուիլ առիթէն եւ նախաձեռնել արդիւնաւէտ քայլերու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այսօրուան ձեր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մարել ձեր շուրջ բռնկող «հրդեհը» ձեր մօտիկներուն միջեւ, որոնց լարուածութիւնը պիտի ազդէ նաեւ ձեզի: Հաշտարարի դեր կատարելու կոչուած էք այսօր:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բոլոր ներուժդ պիտի լարես ասպարէզիդ մէջ յառաջդիմելու եւ նոր հորիզոններու հասնելու նպատակով: Այսօր արդիւնաւէտ հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու օր է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ծրագիրներու նախաձեռնելու ձեր կարողականութիւնը լաւագոյնս պիտի օգտագործէք այսօր: Ոչինչ յայտարարեցէք ամէն ինչ ամբողջացնելէ եւ յստակացնելէ առաջ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տան մէջ կամ ընկերներու հետ շատ ջերմ մթնոլորտով լեցուն երեկոյ մը պիտի անցընէք, պիտի փոխուի ձեր ներաշխարհը, ուր սէր եւ գուրգուրանք պիտի տիրէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անցեալի կարգ մը դէպքեր պիտի մտաբերէք եւ որոշ տխրութիւն պիտի ապրիք, թերեւս կարօտ ունիք կարգ մը անձերու: Կապ հաստատեցէք մոռցուած ընկերներու կամ ազգականներու հետ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ոչ մէկ կարեւոր նախաձեռնութեան կամ գործի դիմեցէք այսօր, որովհետեւ օրը լեցուն է լարուածութեամբ եւ հակասութիւններով: Զգուշ եղէք եւ լաւապէս մտածեցէք որեւէ քայլ առնելէ առաջ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երբեմն կը կարծէք, թէ ամէն ինչ արտօնուած է ձեզի եւ իրաւունք ունիք ձեր ուզածը ընելու, սակայն գիտակցեցէք, որ կեանքը այդպէս չէ, եւ դուք չէք կրնար այդ մօտեցումով վարուիլ մարդոց հետ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Փորձ պիտի կատարուի ձեզ ներքաշելու այնպիսի հարցերու մէջ, որոնց հետ ընդհանրապէս առնչութիւն չունիք: Պիտի կարենաք փակել այս խնդիրներուն դռները, եւ հեռու պահել զանոնք: