Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

February 25, 2020
| Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Այսօր շատ զգացական պիտի ըլլաք, սովորական նիւթերէ մինչեւ ամէնէն ազդեցիկ դէպքեր իրենց դրոշմը պիտի ձգեն ձեր էութեան մէջ: Պիտի նախաձեռնէք ողջունելի քայլի եւ կարիքաւոր ընտանիքի մը օգնէք:

ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կարեւոր որոշումներ տուած էք, պահն է անոնց գործնականացման լծուելու ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ լրջութեամբ, այլապէս հետեւանքները կրնան ծանր թուիլ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Այսօր քննադատութիւն լսելու կամ մատնանշումներ ընդունելու անկարող պիտի զգաք, այդ պատճառով նոյնիսկ կրնաք վիճիլ պատասխանատուներու հետ: Փորձեցէք խուսափիլ ծանր բախումներէ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պիտի զգաք, թէ սերտօրէն կապուած էք անձի մը, որ նոյնանման զգացում չունի ձեզի հանդէպ: Յուսախաբ կրնաք ըլլալ, բայց մի՛ այպանէք դիմացինը, որովհետեւ դուք տարուած էիք այս կապով:

ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Նիւթական մեծ եւ ձեզ երկար ատենէ մտահոգող հարց մը պիտի լուծուի այսօր, ինչ որ մեծ ուրախութիւն ու հանգստութիւն պիտի պատճառէ ձեզի:

ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Կարեւոր եւ մեծ ծրագիր մը կարիք ունի ձեր վերջին ներդրումին, որպէսզի լոյս աշխարհ գայ: Երկար աշխատանք պահանջած այս ծրագիրը իր լրումին հասցուցէք առանց տատամսելու:

ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Այսօր շինիչ կամ մարդասիրական նախաձեռնութեան մը պիտի դիմէք. թէ՛ դուք մեծապէս գոհունակ պիտի զգաք, եւ թէ ձեր դիմացինը, որ ուշադրութեան արժանի է:

ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Կարգ մը դէպքեր պատճառ պիտի դառնան, որ կորսնցնէք ձեր ինքնավստահութիւնը եւ որոշ տրտմութիւն ապրիք: Ձեր կողմէ նոր քայլ մը կարեւոր պիտի ըլլայ այս վիճակը փոխելու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Կարգ մը դէպքեր պիտի ճնշեն ձեր ներաշխարհին, երկար ատենէ պահուած գաղտնիքի մը մասին պիտի ուզէք արտայայտուիլ ձեր ընտանիքի անդամներուն, սակայն վերջնական որոշում տալու դժուարութեան առջեւ էք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր ծրագիրները ներկայացուցէք ուրիշներուն, որոնք, հակառակ ձեր կասկածին, պիտի ողջունեն ձեր գաղափարները: Այս ծիրին մէջ ճամբորդութիւն պիտի կատարէք:

ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դրամատնային կարեւոր գործարք մը պիտի կատարէք այսօր, կամ պիտի ծախէք արժէքաւոր իր մը կամ ինչք մը: Պայմանները այդպէս կը պարտադրեն:

ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Անձնական եւ աշխատանքային յարաբերութիւնները ընդլայնելու, ձեր հորիզոնները ընդարձակելու կարիք ունիք, որպէսզի օգտուիք այս օրուան ընձեռած դրական ազդեցութենէն:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (24 Փետրուար 2020)

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (25 Փետրուար 1970)

RelatedPosts

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

March 18, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

March 17, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.