Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրն Ու Մենք

Փետրուար 24, 2020
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ԷԼԻ ԹԱՇՃԵԱՆ

Վերջին շրջանին ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւած է «Քորոնա» ժահրը, որ արդէն իսկ սարսափի մատնած է համայն մարդկութիւնը, որովհետեւ օրէ օր մահուան պարագաներու թիւը կը բարձրանայ, եւ վարակուած անձեր կը յայտնաբերուին տարբեր երկիրներու մէջ, ինչ որ կը վտանգէ նաեւ տուեալ երկիրները: Բայց տարաձայնութիւններէն եւ ենթադրութիւններէն հեռու մնալով` նախ պէտք է անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ունենալ այս ժահրին մասին եւ գիտնալ անոր վերաբերող ամէն մանրամասնութիւն, նաեւ` անոր առաջքը առնելու կամ, հակառակ պարագային, կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու ձեւերը:

Ի՞նչ են «Քորոնա» ժահրերը

«Քորոնա» ժահրերը ժահրերու մեծ ընտանիք են, որոնք յայտնաբերուած են ինչպէս կենդանիներու, այնպէս ալ մարդոց մօտ: Այս ժահրի որոշ տեսակներ միայն կը վարակեն մարդիկը եւ կը պատճառեն սովորական պաղառութենէն մինչեւ աւելի ծանր վարակիչ  հիւանդութիւններ, ինչպէս` Միջին Արեւելքի շնչառական համախտանիշը (MERS) եւ սուր շնչառական համախտանիշը (SARS):

Ի՞նչ է նորայայտ «Քորոնա» ժահրը եւ որքա՞ն վտանգաւոր է

Նորայայտ 2019-nCoV անուանումը ստացած «Քորոնա» ժահրը առաջին անգամ մարդոց մօտ յայտնաբերուեցաւ 2019 դեկտեմբերին, Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ:

Ինչպէս շնչառական այլ հիւանդութիւններու պարագային, 2019-nCoV-ով վարակուելու պարագային ալ կրնան յառաջանալ մեղմ ախտանշաններէն մինչեւ ծանրագոյններ:  Յար եւ նման սովորական պաղառութեան, 2019-nCoV-ին եւս կը պատճառէ բարձր ջերմութիւն, հարբուխ, կոկորդի ցաւ, հազ եւ ուժաթափութիւն: Սակայն, ի տարբերութիւն սովորական պաղառութեան, հիւանդներուն վիճակը կրնայ բարդանալ թոքաբորբով եւ սուր շնչառական համախտանիշով: Այս հիւանդութիւնը աւելի ճակատագրական է մանուկներու, տարեցներու եւ մանաւանդ արդէն իսկ այլ հիւանդութիւններով (շաքարախտ, սրտանօթային հիւանդութիւններ) տառապողներու համար:

Ո՞ւր է 2019-nCoV «Քորոնա» ժահրին աղբիւրը

Մանրամասն ուսումնասիրութիւններ պարզած են,  որ SARS-CoV-ը 2002-ին Չինաստանի մէջ մարդոց փոխանցուած է  եղջերաւոր կատուներէն, իսկ MERS-CoV-ն, 2012-ին, Սէուտական Արաբիոյ մէջ մարդոց փոխանցուած է ուղտերէն:

Հակառակ այն իրողութեան որ 2019-nCoV ժահրի որպէս աղբիւր կը նշուի Ուհան քաղաքի կենդանիներու շուկան, սակայն ցարդ յստակ տուեալներ գոյութիւն չունին, թէ յատկապէս ո՛ր կենդանիներն են վարակի աղբիւրը: Ամէն պարագայի, վարակի բուն աղբիւրը կենդանական ըլլալով հանդերձ, ժահրը, ծինային փոփոխութեանց ենթարկուելով, մարդէ մարդու ալ կը վարակէ:  Այստեղ հարց կը յառաջանայ, թէ ընտանի կենդանիները որքանո՞վ վտանգաւոր կրնան  դառնալ: Ցարդ ոչ մէկ տուեալ կայ, որ ընտանի կենդանիները վարակակիրներ կրնան ըլլալ:

Ինչպէ՞ս կը փոխանցուի հիւանդութիւնը

Ըլլալով շնչառական հիւանդութիւն, «Քորոնա» ժահրի փոխանցումը հիմնականօրէն կ՛ըլլայ օդակաթիլային ճամբով: «Քորոնա» ժահրով հիւանդացած անձը փռնգտալու եւ հազալու ճամբով ժահրը կը մղէ միջավայրին մէջ, եւ անմիջական մօտակայքը գտնուող (մինչեւ 1 մեթր հեռաւորութիւն) մարդիկ, ներշնչելով օդային կաթիլները, կը վարակուին:

Փոխանցման հիմնական օդակաթիլային եղանակին առընթեր, «Քորոնա» ժահրը կը փոխանցուի նաեւ աղտոտ ձեռքերու եւ չհականեխուած մակերեսներու ճամբով: Ցարդ յստակ չէ, թէ մարդու մարմինէն դուրս 2019-nCoV ժահրը ինչքան ժամանակ կրնայ գոյատեւել: Հետեւաբար, վարակուած ձեռքերու եւ մակերեսներու ճամբով նոյնպէս վարակը կրնայ փոխանցուիլ:

Այստեղ պէտք է նշել, որ  2019-nCoV ժահրով վարակուելէ ետք եւ մինչեւ ախտանշաններու ի յայտ գալը, վարակակիր անձը կրնայ վարակել իր շրջապատը: Այսպէս կոչուած հիւանդութեան գաղտնի շրջանը 2-էն 14 օր է, եւ այդ ամբողջ տեւողութեան վարակակիր անձը, նոյնիսկ ախտանշաններու բացակայութեան, վարակը կը փոխանցէ իր շրջապատին:

Ի՞նչ ախտանշաններ ունի  2019-nCoV ժահրի պատճառած հիւանդութիւնը

Հիմնական ախտանշանները գրեթէ յար եւ նման են սովորական պաղառութեան եւ կրիփի ախտանշաններուն, ինչպէս` բարձր ջերմութիւն, գլխացաւ, հարբուխ, կոկորդի ցաւ, յօդացաւեր, հազ եւ շնչարգելութիւն: Սակայն, ի տարբերութիւն սովորական պաղառութեան, ախտանշանները շատ աւելի ծանր են, եւ հիւանդութիւնը շատ արագ կը բարդանայ թոքաբորբով ու շնչահեղձութեամբ` հիւանդին մահուան պատճառ դառնալով:

Կա՞յ բուժում  2019-nCoV ժահրի պատճառած հիւանդութեան

Ցաւով պէտք է նշել, որ «Քորոնա» ժահրի այս տեսակը ընդամէնը 2 ամիս առաջ յայտնաբերուեցաւ, եւ ցարդ ժահրը չէզոքացնելու եւ ոչնչացնելու ոչ մէկ դեղամիջոց գոյութիւն ունի:

Ներկայ դրութեամբ բուժման բոլոր ճիգերը ուղղուած են ախտանշաններու մեղմացման եւ բարդութիւններու կանխման: Սակայն այս չի նշանակեր, որ ինքնաբուժում պէտք է ընել: «Քորոնա» ժահրին պատճառած հիւանդութիւնը շատ արագ կերպով կրնայ բարդանալ: Հետեւաբար բժշկական անմիջական հսկողութիւնը ճակատագրական մեծ նշանակութիւն ունի:

Անցնող օրերուն  ստայօդ լուրեր տարածուեցան, որ որոշ երկիրներու մէջ 2019-nCoV-ի բուժման դեղամիջոցներ ստեղծուած են: Ճիշդ է, որ գիտական տարբեր կեդրոններու մէջ մրցավազքի սկսած են դեղամիջոց մը ստեղծելու ուղղութեամբ, սակայն մինչեւ օրս ոչ մէկ վաւերական փաստ գոյութիւն ունի այս իմաստով:

Ի՞նչ ձեւով կանխել կամ պակսեցնել  2019-nCoV ժահրով վարակուելու հաւանականութիւնը

Դժբախտաբար մինչեւ օրս հիւանդութիւնը կանխարգիլող պատուաստ գոյութիւն չունի, թէպէտ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան անմիջական հովանաւորութեամբ, գիտական տարբեր կեդրոններու մէջ ժրաջան աշխատանք կը տարուի այս ուղղութեամբ:

Պատուաստի բացակայութեան, վարակուելու հաւանականութիւնը նուազեցնելու համար պէտք է.-

– Ձեռքերը յաճախ լուալ օճառով եւ ջուրով կամ օգտագործել ալքոլի վրայ հիմնուած ձեռքի քսուկներ, նոյնիսկ եթէ ձեռքերը տեսանելիօրէն աղտոտ չեն:  Ձեռքերը լուալը կը վերացնէ «Քորոնա» ժահրը:

– Հազալու եւ փռնգտալու պարագային պէտք է ծածկել բերանն ու քիթը եւ անմիջապէս դարձեալ լուալ ձեռքերը: Հազի եւ փռնգտոցի ժամանակ բերանն ու քիթը ծածկելով կը կանխենք մանրէներու եւ ժահրերու տարածումը:

– Առնուազն 1 մեթր հեռաւորութիւն պահել ձեր եւ այլ մարդոց միջեւ, յատկապէս անոնց, որոնք կը հազան, կը փռնգտան եւ կամ ջերմութիւն ունին:

– Խուսափիլ աչքերու, քիթի եւ բերանի հպումներէն: Ձեռքերը կը դպչին բազմաթիւ մակերեսներու, որոնք կրնան աղտոտ ըլլալ ժահրով:

– Եթէ ջերմութիւն, հազ եւ շնչառութեան դժուարութիւն ունիք, անմիջապէս դիմել բժիշկին:

– Եթէ տաքութեան, հազի եւ շնչառական ախտանշանները թեթեւ են, եւ վստահ էք, որ 2019-nCoV ժահրով վարակուած անձի հետ ուղղակի շփում չէք ունեցած, կամ վերջին շրջանին Չինաստանէն կամ Իրանէն, թէկուզ երեւութապէս առողջ մարդոց հետ ուղղակի կապ չէք հաստատած, ապա տան մէջ հանգստանալ եւ խուսափիլ մարդոց հետ շփման մէջ մտնելէ, ձեր ունեցած վարակը այլոց չփոխանցելու համար:

– Խուսափիլ հում կամ չմշակուած մսամթերքներ ուտելէ: Նախազգուշութեան նպատակով, հում միսերու հպումէն, ինչպէս նաեւ ընտանի կենդանիներու հպումէն ետք անմիջապէս լուալ ձեռքերը:

Պէ՞տք է դիմակ կրել` պաշտպանուելու համար

Բժշկական դիմակ կրելը կ՛օգնէ սահմանափակելու շնչառական հիւանդութիւններու տարածումը: Այսուհանդերձ, միայն դիմակ կրելը  չ՛երաշխաւորեր վարակները  դադրեցնելը: Դիմակներու կրումը պէտք է զուգահեռ ըլլայ կանխարգիլող միւս միջոցներուն հետ:

Թէեւ ներկայիս տագնապահար վիճակ չկայ Լիբանանի մէջ, սակայն շատ կարեւոր է զգուշ ըլլալ, հետեւիլ տրուած խորհուրդներուն եւ ցուցմունքներուն, որպէսզի կացութիւնը կարելի ըլլայ հակակշիռի տակ առնել անոր բարդացումէն առաջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Անփոփոխելին Եւ Փոփոխելին

Յաջորդը

Նշմար. Ամէ՛ն Օր «Գիրք Նուիրելու Օր» Է

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?