16 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանը պիտի դառնար 61 տարեկան: Արթուր Մկրտչեանը 32 տարեկան էր, երբ ընտրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, եւ 33 տարեկան, երբ քունքին արձակուած կրակոցը վերջ դրաւ անոր կարճ, բայց պայծառ կեանքին:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան օրը բազմաթիւ մարդիկ ներկայ էին անոր գերեզման-յուշաքարին մօտ: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն, Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան անդամներ, ՀՕՄ-ի, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ եւ Արթուր Մկրտչեանի հարազատներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ա. Մկրտչեանի շիրիմին:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը նշած է, որ պատմութեան ամբողջ ժամանակահատուածին ծնած են անհատներ, որոնք մեծ հետք ձգած են պատմութեան ընթացքին վրայ եւ մնացած ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: Այդպիսի գործիչներէն մէկն էր նաեւ Արթուր Մկրտչեանը:
Արթուր Մկրտչեանը բիւրեղեայ մաքրութեան տէր անձնաւորութիւն էր, որ կրցաւ արդարամտութեան, նուիրուածութեան շնորհիւ իր շուրջ համախմբել շարժման մէջ գործունեայ անդամները: «Նման պահուածքը առիթ կու տայ քաղաքական առաջնորդի կերպար մը ունենալ, որ դեռ երկար ժամանակ ընդօրինակելու օրինակ պիտի ըլլայ», աւելցուցած է Վահրամ Բալայեանը: