Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կ՛այցելէ Գերմանիա. Հանդիպում` Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքելին Հետ

February 14, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Պերլին, ուր 13 փետրուարին հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ:

Երկու երկիրներու ղեկավարները բանակցութիւններուն սկսելէ առաջ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւններ կատարեցին: Իր խօսքին մէջ Անկելա Մերքել նշեց. «Մենք նախապէս առիթ ունեցած ենք հանդիպելու, եւ այդ պահէն ի վեր մեր երկու երկիրներու կապերը աւելի խոր դարձած են: Մենք այսօր պիտի խօսինք մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման մասին: Հայաստանի մէջ ներկայիս տեղի կ՛ունենան մեծ փոփոխութիւններ: Մեծ փոփոխութիւններ կ՛ակնկալուին նաեւ իրաւական համակարգին մէջ, ինչ որ այդքան ալ դիւրին գործընթաց չէ, բայց մենք Հայաստանին կը մաղթենք յաջողութիւն` այդ քայլերուն մէջ»:

Գերմանիոյ վարչապետը յիշեց Հայաստան տուած այցելութիւնն ու ունեցած դրական տպաւորութիւնները, կնքուած համաձայնութիւնները: «Նախորդ տարուան հոկտեմբերին մենք ունեցած ենք տնտեսական ֆորում, եւ անիկա նոր ճիւղ բացած է գերմանական-հայկական յարաբերութիւններուն մէջ: Եւ մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ Հայաստանը մեզի հետ կը համագործակցի Աֆղանիստանի խաղաղապահ առաքելութեան մէջ», նշեց ան: Մերկել ըսաւ, որ Հայաստանը Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիր ստորագրած է, միեւնոյն ժամանակ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիր է, եւ «մենք դեռ պէտք է երկար աշխատանք տանինք` երկու միութիւններու համագործակցութեան համար»: Ան աւելցուց, որ քննարկման կարեւոր հարցերէն է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը:

Իր կարգին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ Գերմանիա տուած իր այս այցելութիւնը խօսուն փաստ է երկկողմանի յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին:

«Գերմանիան Հայաստանի մտերիմ բարեկամն ու գործընկերն է, եւ մենք կը զգանք այդ բարեկամութեան ուժը ե՛ւ զգացական, ե՛ւ գործնական առումներով: Գերմանիան այն հզօր կամուրջներէն մէկն է, որ կը կապէ Հայաստանը Եւրոպական Միութեան, եւրոպական քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթին հետ: Ուրախ եմ արձանագրելու, որ մենք այսօր կապուած ենք նաեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեամբ ու գործնական ծրագիրներով: Պատրաստ ենք ընել կարելին զայն աւելի ամրապնդելու եւ յառաջ մղելու համար: Մենք երախտապարտ ենք Գերմանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան բարոյական, քաղաքական, փորձագիտական եւ նիւթական աջակցութեան համար», դիտել տուաւ վարչապետը:

Գերմանիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու մէկ այլ տուեալին մասին խօսելով` Փաշինեան ըսաւ. «Դուք գիտէք, որ 2018 թուականէն Հայաստան անցում կատարեց խորհրդարանական կառավարման համակարգի եւ Գերմանիան մեզի համար շատ կարեւոր եւ յաջող տիպար է խորհրդարանական կառավարման արդիւնաւէտ, ուժեղ պետութիւն ըլլալու, ուր յստակ կը գործեն հակակշիռներու եւ փոխզսպումներու գործընթացները, եւ ուր ժողովրդավարութիւնը շատ վաղուց թերեւս կասկածի տակ չէ եւ անշրջելի է պատմականօրէն: Այս առումով Գերմանիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են»:

Հայաստանի վարչապետը դիտել տուաւ, որ քննարկումի նիւթ է նաեւ մշակութային, գիտակրթական համագործակցութիւնը: «Մեզի համար կարեւոր է կրթական մարզին մէջ Գերմանիոյ յառաջատար փորձի  տրամադրումը: Մենք շահագրգռուած ենք Հայաստանի մէջ գերմաներէն լեզուի եւ մշակոյթի հետագայ տարածմամբ», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Տեառնընդառաջ

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.