Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փայլան «Սանասարեան Տան» Հարցով Դիմած Է Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարին

February 6, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախապէս Թուրքիոյ հայ համայնքին պատկանած եւ հանրապետական Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած «Սանասարեան տուն» անշարժ կալուածին շուրջ ծաւալող զարգացումները կը շարունակուին: Տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմեթ Նուրի Էրսոյին դիմած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Կարօ Փայլան` պահանջելով որոշակի բացատրութիւններ տալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պիանեթ» կայքը:

Հայազգի երեսփոխանը իր դիմումին մէջ մտահոգութիւններ յայտնած է շէնքին շուրջ ծաւալող իրադարձութիւններուն նկատմամբ եւ ընդգծած, որ շէնքը պանդոկ դարձնելու նպատակով վարձու տրուած է սեփական կասկածելի ընկերութեան, երբ ատոր սեփականութեան իրաւունքը կը վիճարկուի Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին մէջ:

Փայլան նշած է, որ հասարակութեան մօտ հիմնաւոր մտահոգութիւններ կան, թէ շէնքը պանդոկ դարձնելու համար կատարուելիք նորոգման աշխատանքները կրնան անդառնալի հետեւանքներ ունենալ շէնքին համար:

Հայ երեսփոխանը հետաքրքրուած է նախարարէն, թէ արդեօք իր ղեկավարած նախարարութիւնը հաշուի պիտի չառնէ՞ ընթացքի մէջ գտնուող դատական հոլովոյթը եւ պիտի հաստատէ՞ շէնքին վարձակալութիւնը:

Փայլան Էրսոյին հարցուցած է նաեւ վարձակալութեան մրցումը դռնփակ կատարելու պատճառներուն, մրցումին յաղթող ճանչցուած ընկերութեան առաջարկած պայմաններուն, ինչպէս նաեւ այն մասին, թէ ի՞նչ իրաւական յարաբերութիւններ կրնան ունենալ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանն ու մրցումը շահած ընկերութիւնը, եթէ դատարանը որոշէ շէնքի սեփականութեան իրաւունքը փոխանցել պատրիարքարանին:

Ներկայիս Թուրքիոյ հիմնադրամներու վարչութեան տրամադրութեան տակ գտնուող շէնքը 28 յունուարին մրցութային կարգով 35 տարիով վարձու տրուած է սեփական ընկերութեան մը, հակառակ այն իրողութեան, որ շէնքին սեփականութիւնը Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ կը վիճարկուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մէջ:

«Սանասարեան տուն» շինութիւնը կառուցուած է 1881-ին` կարնեցի բարերար եւ վաճառական Մկրտիչ Սանասարեանի կողմէ: Շէնքին ստեղծման նպատակը եղած է Կարինի մէջ բացուած նոյնանուն դպրոցին համար եկամուտներ ապահովելը:

Կառուցումէն ետք շէնքի կառավարումը փոխանցուած է Սանասարեան հիմնադրամին, իսկ հիմնադրամի ղեկավարումը` Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին: 1930-ականներու կէսերուն հանրապետական Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուելէ ետք շէնքը օգտագործուած է իբրեւ Պոլսոյ ոստիկանութեան շէնք, ապա տնտեսական հարցեր քննող դատարան:

2018 թուականին դատարանը որոշում տուած է շէնքը վերադարձնելու հայ համայնքին: Դատական գործի առաջին փուլին դատարանը մերժած էր համայնքի պահանջը, որմէ ետք Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը դիմած էր վճռաբեկ դատարան եւ շահած դատը: Սակայն Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան պահանջով դատական որոշումը դարձեալ բեկանուած էր, եւ շէնքի սեփականութեան իրաւունքը փոխանցուած էր վարչութեան:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Արսլանի Եւ Թրապուլսիի Հետ Քննարկեց Երկրին Ընդհանուր Կացութիւնը

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Նոր Շրջանի Առաջին Թիւը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.