Որոշ դադարէ ետք կրկին հրապարակի վրայ է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը: 2020 թուականի յունուարի առաջին (1635-րդ) թիւը արդէն հասանելի է ընթերցողներուն: Կեանքի 74-րդ տարին բոլորող պաշտօնաթերթը պիտի հրապարակուի ելեկտրոնային եղանակով` ամսաթերթի պարբերականութեամբ:
Իբրեւ պաշտօնաթերթի հիմնադիր, զուտ իրաւաբանական տեսանկիւնէ եւ, Հայաստանի օրէնքներուն համաձայն, նշուած է «ՀՅԴ պատմութեան թանգարան հիմնադրամ»-ին անունը: Ելեկտրոնային ամսաթերթի խմբագիրը ՀՅԴ Բիւրոյի Մամլոյ դիւանի ներկայացուցիչ Արտաշէս Շահպազեանն է:
Ելեկտրոնային անդրանիկ թիւին մէջ առանձնացուած են շարք մը բաժիններ` «Հարցազրոյց» (ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ), «Սոցիալական», «Դաշնակցական բեմ», «Հայրենի եզերք», «Տարածաշրջանային», «Սփիւռք», «Երիտասարդական», «Պատմութեան լուսարձակ», «Դէմքեր եւ դէպքեր», որոնց մէջ լուսարձակի տակ առնուած է ՀՅԴ դերակատարութիւնն ու կատարելիքները, գաղափարախօսական, Հայաստանի ընկերային-տնտեսական հարցերուն, Արցախին, Ջաւախքին, Այսրկովկասեան, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի եռացող տագնապներուն, սփիւռքին, Արեւմտահայաստանին եւ համազգային նշանակութեան այլեւայլ խնդիրներուն առնչուող շարք մը ծանրակշիռ եւ գիտահանրամատչելի աշխատանքներ:
Յօդուածներուն խորագիրներն են. «Սոցիալական խորացող խնդիրները շղարշւում են ամբոխավարութեամբ», «Ռուբէն Տէր Մինասեանը եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը», «2020 թ. արցախեան ընտրութիւններ. միասնական օրակարգի ընկալմամբ», «Ջաւախքի հիմնահարցերը», «Նախիջեւանը փանթուրքական գաղափարախօսութեան համաթեքսթում», «Հայութեան խնդիրը թուրք պետականութեան ազգային քաղաքականութեան համաթեքսթում», «Արեւմտահայաստանի եկեղեցիները կիւլենականների նկրտումների առարկայ», «Քաղաքական զարգացումները եւ Մերձաւոր Արեւելքի ու Հարաւային Կովկասի պետութիւնները», «Աննախադէպ պատերազմ ապրած սուրիահայութիւնը` կորուստներ, մարտահրաւէրներ, վերականգնումի աշխատանք», «Լուսարձակային կէտեր` միջինարեւելեան տարածաշրջանին վրայ», «Հայաստան-ՀՅԴ-սփիւռք (Մինչեւ Սպիտակի երկրաշարժը), «Յանուն գիտութեան եւ ազգային արժէքների, կամ ազգայինն առաջադէմ է», «ՀՅԴ անելիքը այսօր»:
«Դրօշակ»-ի նոր թիւը կարելի է ներբեռնել հետեւեալ հասցէով. https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2020/02/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-2020-%D4%B9%D5%AB%D6%82-1.pdf