Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Էրտողան Ի՛նք Վար Կ՛առնէ Դիմակը

Փետրուար 5, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան դարձեալ սպառնալիքներով կը խօսի Սուրիոյ դէմ. կը սպառնայ վրէժը լուծել այն թուրք զինուորներուն, որոնք սպաննուած են Իտլիպի շրջանին մէջ: Գործի անցնելով, ան փետրուարի առաջին օրերուն մեծ ուժ կեդրոնացուց Սուրիոյ սահմանին վրայ` պահանջելով Ռուսիայէն, որ արգելք չկանգնի Սուրիոյ դէմ իր հաւանական արշաւանքին (չմոռցաւ հին-նոր դաշնակից Ռուսիոյ դաս տալ, որ Խրիմը Ուքրանիոյ կը պատկանի): Ան նաեւ մտահոգ է, որ շուրջ մէկ միլիոն գաղթականներ Սուրիայէն դէպի Թուրքիա կը խուժեն…

Միջազգային լրատու աղբիւրներ լուռ համակրանքով կ՛արձագանգեն Էրտողանի կեցուածքներուն: Ո՛չ ոք կը հարցնէ, թէ թուրք զինուորներ ի՞նչ գործ ունին սուրիական հողի վրայ, Իտլիպի շրջանին մէջ, որ աշխարհին ծանօթ է իբրեւ սուրիական իշխանութեան ընդդիմադիր ուժերու վերջին զօրակայանը, աւելի՛ն, այն գօտին, ուր այժմ համախմբուած են ոճրածին խմբաւորումներուն զինեալները, որոնց արմատները չորցնելու ելած են սուրիական իշխանութիւնները, անոր զօրակից ռուսերը, նոյնը ընել կը յաւակնին շրջանի ամերիկեան ուժերը, նման նախաձեռնութեան համամիտ է ամբողջ աշխարհը:

Էրտողանի այս սպառնալիքները աղաղակող նորագոյն հաստատումն են այն իրականութեան, որ Թուրքիա բանիւ եւ գործով պաշտպան է ծայրայեղական զինեալներուն, զանոնք գործի կը լծէ Սուրիայէն մինչեւ Իրաք ու Իրան, Լիբանանէն մինչեւ Եգիպտոս եւ այլուր:

Սա ա՛յն Էրտողանն է, որ քանի մը օր առաջ Իսրայէլը կը դատապարտէր պաղեստինեան հողեր իւրացնելու մեղադրանքով, երբ նախագահ Թրամփ եւ վարչապետ Նեթանիահու հրապարակ նետեցին իսրայէլ-պաղեստինեան տագնապի լուծման «չնաշխարհիկ ծրագիրը»: Սա այն Էրտողանն է, որ իր հովանաւորներուն զօրակցութեամբ վերջնականապէս բռնագրաւեց Սուրիոյ Ալեքսանտրեթը: Սա այն Թուրքիան է, որուն իսկական գործակիցը` Իսրայէլ, իր հողերուն կցուած յայտարարեց 1967-ին բռնագրաւուած Կոլանը: Վերջապէս, սա նոյն Էրտողանն է, որ իսլամութեան դատի պաշտպանի յոխորտանքով իսլամ քիւրտեր եւ այլ ժողովուրդներ կը ջարդէ իր հողերուն վրայ եւ Իրաքի ու Սուրիոյ սահմաններէն ներս: Չէ՞ որ անոր նախահայրերը` սուլթաններէն մինչեւ հանրապետականներ, իրագործած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, թրքատիպ ուղի թելադրելով, երէկ եւ այսօր` «եղբայրական» Ազրպէյճանին…

Երէկի ցեղասպանն ու այսօրուան ջարդարարը չի կրնար խաղաղարար հաշտարարի դեր խաղալ Միջին Արեւելքի մէջ: Ո՛չ մէկ տրամաբանութիւն նման իրաւունք կու տայ անոր: Աշխարհը ու առաջին հերթին` արաբական աշխարհը իրաւունք չունին աչք փակելու էրտողանեան ու նախնիներու ոճիրներուն վրայ:

Որովհետեւ`

Թուրքիոյ ու նմաններու ոճիրներուն ու բռնարարքներուն իւրաքանչիւր անտեսում` ուղղակի քաջալերանք կը հանդիսանայ նոր սանձարձակութիւններուն, որոնցմէ ահաւոր վնասներ կրած են Կիպրոսն ու Յունաստանը, արաբական աշխարհն ու նոյնինքն Եւրոպան, որ իր մորթին վրայ կը զգայ, թէ Թուրքիա ամէն քայլափոխի կը չարաշահէ գաղթականներու տագնապը, որուն ստեղծման մէջ ան գլխաւոր դերակատար մըն է: Այսօր արդէն մարդիկ փաստի չեն կարօտիր, թէ թրքական ոճիրներուն անպատիժ թողուիլը ցեղասպանական ինչպիսի՜ ծրագիրներու եւ ոճիրներու դուռ բացած է աշխարհի տարածքին…

Իմաստ չունի ըսելը, թէ պէտք է վար առնել Թուրքիոյ ու էրտողաններու դիմակը: Անոնք իրենց ձեռքով վար առած են այդ դիմակը: Մեզի ու աշխարհին կը մնայ գործածել մեր աչքերը:

3 փետրուար 2020

Նախորդը

Զարեհ Սինանեան Կը Դրուատէ Վրաստանի Հայ Համայնքին Կապուածութիւնը Հայրենիքին, Մշակոյթին Եւ Պատմութեան

Յաջորդը

Ամերիկեան Դեսպանատան Մշակութային Կցորդը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?