ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Աշխատեցէք ձեր սահմաններուն մէջ մնալ ու ձեր ոճով մի՛ վիրաւորէք ձեր շուրջինները: Ձեր կարգ մը որոշումները վերատեսութեան պէտք է ենթարկէք, որպէսզի սխալ քայլ առած չըլլաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Զգացական գետնի վրայ յարմար ժամանակ է արտայայտելու ձեր զգացումները ձեր սիրեցեալին: Նիւթական վարձատրութիւն մը պիտի ստանաք ձեր կատարած աշխատանքին եւ զոհողութեան համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ընտանեկան հարցերը պիտի յաջողիք լուծել եւ համերաշխութիւնն ու խաղաղութիւնը ձեր ընտանիքին վերադարձնել: Օրուան երկրորդ կիսուն անակնկալ մը պիտի ուրախացնէ ձեզ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Նոր դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց, որպէսզի ուսման մէջ ձեր փափաքած մասնագիտութիւնը շարունակէք: Մի՛ չափազանցէք ձեր ծախսերուն մէջ, որպէսզի նիւթական գետնի վրայ նեղութիւն չունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր դժուարութիւնները անցողիկ եւ ժամանակաւոր պիտի ըլլան, հետեւաբար մտահոգուելու պէտք չունիք: Քաղաքացիական ձեր բոլոր պարտաւորութիւնները պէտք է կատարէք, անոնցմէ փախուստ չէք կրնար տալ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Բախտը պիտի ժպտի ձեզի այս շրջանին: Ձեր երազանքը պիտի կատարուի: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխէ եւ ձեզ լիովին կազդուրէ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Օգտուեցէք ձեզի տրուած բոլոր առիթներէն, որպէսզի հասնիք ձեր նպատակին: Հանդարտութեան պէտք ունիք, որպէսզի կարենաք տրամաբանական լուծում գտնել ձեր ընտանեկան խնդիրին:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Որեւէ պայմանագիր ստորագրելէ առաջ լաւ սերտեցէք բոլոր մանրամասնութիւնները: Խաբեբայ մարդոցմէ հեռու մնացէք, անոնք կրնան չարիք դառնալ ձեզի ու ձեր ծրագիրներուն համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Աշխուժօրէն առաջ պիտի տանիք ձեզի վստահուած բոլոր գործերը: Ձեր արձանագրած յաջողութեան համար պիտի վարձատրուիք: Ուրախ անակնկալ մը պիտի փոխէ ձեր օրը եւ ձեզ աւելի դրական պիտի դարձնէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Եթէ վստահիք ձեր մտերիմ ընկերոջ, կրնաք մեծ յաջողութիւններ արձանագրել տարբեր բնագաւառներու մէջ: Բաւական արդիւնաբեր պիտի ըլլան յառաջիկայ օրերը` գործի եւ շահի առումով:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Բանավէճերու մէջ մի՛ մտնէք եւ մի՛ քննադատէք ձեր պաշտօնեաները ամէն մանրուքի համար: Հանդարտ մնացէք ու ձեր ընկերներէն օգնութիւն խնդրեցէք ձեր հարցերու լուծման համար:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ուրախ անակնկալներ եւ իրադարձութիւններ տեղի պիտի ունենան այս շրջանին: Հանդարտօրէն սերտեցէք ձեր բոլոր ծրագիրները: Մի՛ շեղիք ձեր հիմնական նպատակէն` տարուելով երկրորդական հարցերով: