ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Վիրաւորական խօսքեր մի՛ ուղղէք ձեր բարեկամներուն: Նորութիւն մը պիտի մտնէ ձեր կեանքին մէջ եւ ձեզ պիտի ուրախացնէ: Առողջական խնդիր մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր շուրջը կատարուող վիճաբանութիւններուն մէջ մի՛ մտնէք: Ձեր կարծիքը մի՛ տաք, եթէ չխնդրուի ձեզմէ: Մեծ դեր պիտի ունենաք ձեր շրջապատի լարուած մթնոլորտը մեղմացնելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր սպասած պատասխանը պիտի ուշանայ: Ուշադիր եղէք, որ չվիրաւորէք ձեր հարազատներէն մէկը ձեր անհիմն կասկածներով: Ձեր ջիղերը պինդ պահեցէք եւ մի՛ յուսահատիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Եթէ ծանրութիւն եւ նեղութիւն կը զգաք ձեր գործին մէջ, աշխատեցէք ձեր գործի ընթացքը փոխել: Գոռոզ մի՛ ըլլաք ու դուք ձեզ մի՛ տեսնէք ձեզմէ աւելի տկարներուն վրայ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Երկմտանքի մէջ պիտի ըլլաք եւ պիտի զգաք, որ ձեր ազատութիւնը կը կաշկանդուի: Նոր առաջարկներ պիտի ներկայացնէք ձեր ընկերութեան: Աշխատանքային նոր հարթակ մը ստեղծեցէք զիրար աւելի լաւ հասկնալու եւ խորհրդակցելու համար:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր գործի ծիրին մէջ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի պիտի ունենայ: Ձեր աշխատանքային վայրը պիտի փոխէք եւ աւելի ընդարձակ տարածք պիտի վարձէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մի՛ վստահիք ամէն մարդու: Ձեր գաղտնիքները մի՛ բացայայտէք բոլորին: Եթէ կարելիութիւնը ունիք, օգտակար դարձէք կարիքաւորներու: Մի՛ վատնէք ձեր ժամանակը երկրորդական հարցերով:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Անակնկալներու պիտի հանդիպիք ձեր զգացական կեանքին մէջ: Յամառութիւն մի՛ ընէք եւ կառչած մի՛ մնաք միայն ձեր տեսակէտին վրայ: Ձեր աշխատասիրութեան համար գնահատական պիտի ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, որպէսզի ձեր կեանքը վտանգի չենթարկէք: Աշխատանքային ձեր շաբաթը պտի սկսիք աւելի աշխուժ: Նոր պայմանագիր մը մի՛ ստորագրէք առանց սերտելու պայմանները:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նոր հորիզոններ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Ձեր բոլոր հարցերուն պատասխանը ձեր ուզած ատեն պիտի չստանաք: Համբերող եղէք եւ մի՛ աճապարէք դէպքերու ընթացքը:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Այս շրջանին պիտի կեդրոնանաք միայն ձեր գործին վրայ: Երկմտանքը կրնայ քայքայել ձեր կեանքը: Վստահեցէք ձեր մտերիմներուն ու անտեղի բոլոր կասկածները վանեցէք ձեզմէ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր նիւթական հաշիւները վերատեսութեան պիտի ենթարկէք: Կեդրոնացէք ձեր հիմնական նպատակներուն վրայ: Հեռո՛ւ մնացէք անհիմն ըսի ըսաւներէն: