29 յունուարին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը, որ պիտի շարունակուի 30 յունուարին:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:
«Ընդունուած գործառոյթի համաձայն, հանդիպման արդիւնքներուն շուրջ կը հրապարակուի մամլոյ հաղորդագրութիւն: Ինչպէս նշած ենք, հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցերու լայն շրջանակի», յայտնեց ան:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
Երկու նախարարներուն հանդիպումէն առաջ Զոհրապ Մնացականեան տեսակցեցաւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Անճէյ Քասփրչիքի հետ: