Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունուար 29, 2020
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Պարոյր Սեւակի Տուն-Թանգարանի Անձնակազմը Հետաքրքրական Ձեռնարկներով Նշեց Անոր Ծննդեան 96-Ամեակը

Ականաւոր բանաստեղծ, գրող, գրականագէտ Պարոյր Սեւակ, որուն ստեղծագործած անթիւ ու անհամար գործերը գերած են ու կը գերեն տարբեր սերունդներ, յունուար 24-ին պիտի դառնար 96 տարեկան: Նոյն օրը, Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի անձնակազմին աւանդութեան համաձայն, նշուեցաւ գրողին ծննդեան տօնը` կազմակերպելով տարբեր ձեռնարկներ:

Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի տնօրէն Սեւակ Ղազարեան տեղեկացուց, որ ծաղիկներ տեղադրած են բանաստեղծին շիրիմին, այնուհետեւ  Զանգակատուն համայնքի միջնակարգ դպրոցի աշակերտները եւ «Ռոտոնդա» մանկապատանեկան ներառական թատերախումբը հանդէս եկած են ելոյթներով եւ թատերական ներկայացումով:

«Շատ կարեւոր է յատկապէս «Սիրունիկ, սիրունիկ» եւ «Ձեր ծանօթները» վերնագիրներով բացառիկ գիրքի շնորհահանդէսը, որուն մէջ ամփոփած են Յովհաննէս Թումանեանի եւ Պարոյր Սեւակի մանկական ստեղծագործութիւնները: Գիրքը ունի երկու շապիկ. մէկ կողմէ կը սկսի թումանեանական հատուածը, միւսէն` սեւակեանը: Հաւանաբար Սեւակի մանկական բանաստեղծութիւններուն մասին քիչերը կը յիշեն, այս իսկ պատճառով ներառած ենք զանոնք գիրքին մէջ», նշած է Ս. Ղազարեան:

Անդրադառնալով տուն-թանգարանի գործունէութեան` Սեւակ Ղազարեան շեշտած է, թէ ընդամէնը մէկ տարի է, որ ստանձնած է տնօրէնի պարտականութիւնները եւ այդ ընթացքին իրականացուցած է որոշ փոփոխութիւններ:

 

«2019 թուականին կտրուկ աւելցած է մեր թանգարանը այցելողներուն թիւը: Ընդհանուր առմամբ, թանգարանը ունեցած է 14 հազար 85 այցելու: Այս աննախադէպ ցուցանիշ է թանգարանին գրեթէ 40-ամեայ գործունէութեան տարիներուն ընթացքին: Երեւանի կեդրոնին մէջ անգամ կան թանգարաններ, որոնք այս ցուցանիշը չունին: Կը կարծեմ, թէ այցելուներուն քանակին աճը պայմանաւորուած է նաեւ անով, որ աշխուժացուցած ենք նաեւ համացանցի մեր ընկերային հարթակները եւ ամբողջացուցած ենք տուն-թանգարանի մատուցած ծառայութիւններուն փաթեթը», հաղորդած է տուն-թանգարանի տնօրէնը:

Սեւակ Ղազարեան նշած է, որ կը փափաքի տուն-թանգարանին մէջ եւ  անոր տարածքին ստեղծել այնպիսի միջավայր, որ մարդիկ կարենան այնտեղ այցելել ամբողջ ընտանիքով եւ կարենան լիարժէք օր մը անցընել:

Սեւակ Ղազարեան աւելցուցած է, որ թանգարանը այժմ ջեռուցման համակարգ ունի եւ արդէն իսկ սկսած է գործելու: Ան յիշեցուցած է, որ անցեալ տարի այցելուներուն համար իր դռները բացած է նաեւ Պ. Սեւակի հայրական հարիւրամեայ տունը, որ կը գտնուի գիւղին կեդրոնը: Այս այն տունն է, ուր ծնած եւ մեծցած է Պարոյր Սեւակ:

Յիշեցնենք, որ Պարոյր Սեւակ ծնած է 24 յունուար 1924-ին, Արարատի Չանախչի` ներկայիս Զանգակատուն գիւղը: Սեւակ կեղծանունը առաջարկած է անոր Ռուբէն Զարեանը` ի յիշատակ եղեռնի զոհ Ռուբէն Սեւակի: Գրել ու կարդալ սկսած է հինգ տարեկանէն եւ նոյն տարիքին ալ յաճախած է դպրոց: Առաջին անգամ բանաստեղծութիւն գրել փորձած է տասնմէկ տարեկանին, այնուհետեւ ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի հայերէնի բաժինը: Որոշ ժամանակ անց «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրին մէջ տպագրուած են Սեւակի երեք բանաստեղծութիւնները` Պարոյր Սեւակ ստորագրութեամբ: Սեւակ ստեղծագործելու զուգահեռ` աշխատած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի  Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ: Եղած է նաեւ  Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղարը: Սեւակ մահացած է 1971 թուականի յունիս 17-ին, ինքնաշարժի արկածով եւ թաղուած է իր հայրենական գիւղը:

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան, Հիմնարկը Պիտի Կազմակերպէ Կիլիկեան Հերոսամարտերուն Նուիրուած Գիտաժողով

23 յունուարին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան եւ գլխաւոր ֆոնտապահ Գոհար Խանումեան ունեցան մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձան թանգարանի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն:

Գոհար Խանումեան յայտնեց, որ հիմնարկը 16-17 ապրիլ 2020-ին պիտի կազմակերպէ «Պայքար հայկական Կիլիկիոյ համար. Կիլիկիան եւ կիլիկիահայութիւնը Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք (1918-1921)» խորագրով գիտաժողովը, որ նուիրուած է Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանական մարտերու 100-ամեակին: Այս առիթով պիտի իրականացուի համապատասխան ցուցահանդէս մը եւս:

«Հերոսամարտերու պատմութեան նուիրուած ցուցահանդէսներ նախապէս իրականացուցած ենք, իսկ այս ցուցադրութեան նպատակն է ներկայացնել Կիլիկիոյ պատումը եւ հերոսամարտերը, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կենաց-մահու կռիւ մղելով` պայքարած են յանուն Կիլիկիոյ», նշած է ան:

Ըստ Խանումեանի, թանգարանային ցուցադրութեան ծիրին մէջ պիտի ներկայացուին բացառիկ ցուցանմուշներ, որոնք կը պատմեն մարդկային ճակատագիրներու մասին: «Ցուցադրութեան մէջ պիտի օգտագործենք նաեւ վերջին տարիներու հաւաքական աշխատանքի իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած նմուշներ, բացիկներ եւ իրեր», ընդգծած է գլխաւոր ֆոնտապահը:

Յարութիւն Մարութեան անդրադարձաւ հիմնարկի գիտական աշխատողներուն թիւը աւելցնելու անհրաժեշտութեան մասին` նշելով, որ միայն 10 գիտական աշխատողներ լծուած են գիտական հետազօտական աշխատանքներու, սակայն թանգարանը կարիքը ունի առնուազն 15 գիտական աշխատողներու:

Խօսելով թանգարան-հիմնարկի ֆինանսաւորման մասին` Յ. Մարութեան ըսաւ, որ մօտաւորապէս տասը տարի հաստատութեան ֆինանսաւորման 40 տոկոսը տրամադրած է «Լոյս» հիմնադրամը, մնացեալը` պետութիւնը, սակայն վերջին տարիներուն պետութիւնը այդ 40 տոկոսը ներառեց պիւտճէին մէջ` մօտաւորապէս 65 միլիոն դրամ գումար: Ըստ անոր, թանգարանը եկամուտ չունի, որովհետեւ մուտքը անվճար է եւ անվճար պիտի մնայ, սակայն 1 օգոստոս 2019-էն սկսեալ այցելուներուն ընկերակցիլը եւ բացատրութիւններ տալը դարձաւ վճարովի: «Այս փոփոխութենէն թանգարանը բնաւ չտուժեց այցելուներուն քանակի իմաստով, բայց եւ այնպէս մեզի համար շօշափելի գումար ստացանք», եզրափակեց Յ. Մարութեան:

«Երեւան-2800» Արծաթէ Յուշադրամը 3-րդ` Միջազգային Մրցումին

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ 2018-ին հրապարակուած «Երեւան-2800» արծաթէ յուշադրամը Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող «Դրամներու համաստեղութիւնը-2019» 13-րդ միջազգային մրցումին գրաւեց երրորդ դիրքը` «Տարուան յուշադրամը» անուանակարգին մէջ: Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան հասարակութեան հետ կապերու ծառայութիւնը:

«Դրամներու համաստեղութիւնը-2019» մրցումին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են 33 կազմակերպութիւններ` 22 երկիրներէ, ներկայացնելով 2018-ին հրապարակուած առաւել քան 220 յուշադրամներ:

Նշենք, որ յուշադրամները գնահատուեցան միջազգային դատական կազմին քուէարկութեամբ:

Ճանչցուած Է Աշխարհի Ամենագեղեցիկ Թղթադրամը. Հայկական 50 Հազար Դրամանոցը

Միջազգային թղթադրամային միութեան հաղորդումով հայկական 50 հազար դրամանոց թղթադրամը ճանչցուած է աշխարհի ամենագեղեցիկ թղթադրամներէն մէկը:

Թղթադրամի ճակատային հատուածին վրայ պատկերուած է Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ հնագոյն ձեռագիրներու պատկերներ: Հակառակ կողմի վրայ Խոր Վիրապն է, Արարատ լեռը եւ Գրիգոր Լուսաւորիչը:

Միջազգային թղթադրամային միութիւնը կը նշէ, որ ամենագեղեցիկ թղթադրամներու ցանկին վրայ յայտնուելու համար թղթադրամը պէտք է գեղարուեստական արժէք ներկայացնէ:

Աշխարհի ամենագեղեցիկ դրամներէն են`

Քանատական 10 տոլարը,
Զուիցերիական 200 ֆրանքը,
Նորվեկիական 500 քրոնը,
Ռուսական 100 ռուբլին,
Սողոմոնեան կղզիներու 40 տոլարանոցը:

Երեւան` Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Քաղաքներու Ցուցակին Վրայ

Երեւան, Numbeo-ի կեանքի ցուցանիշի արժէքի վարկանշային ցանկին մէջ յայտնուած է 380-րդ դիրքի վրայ, Պաքուն` 390-րդ, իսկ Թիֆլիսը` 404-րդ: Այսինքն Երեւան աւելի սուղ է տարածաշրջանի միւս երկու քաղաքներէն:

Յայտնենք, որ վարկանշային ցանկին վրայ տեղ գտած է 440 քաղաք: Աշխարհի ամէնէն սուղ քաղաքներու հնգեակին մէջ են զուիցերիական քաղաքները` Ցիւրիխ, Պազել, Լոզան, Ժընեւ եւ Պեռն: Իսկ տասնեակին մէջ են Ստաւանկեր, Օսլօ, Տրոնհայմ (Նորվեկիա), Ռէյքեաւիք (Իսլանտա) եւ Պերկեն (Նորվեկիա):

Գնահատումի համար նկատի կ՛առնուին ապրելու ծախսերը, տան վարձքը, ճաշարաններու գիները. անոնք որոշ ժամանակաշրջանի ընթացիկ ցուցանիշներու նկարագրութիւնն են, եւ կը հրապարակուին պարբերաբար:

Հաղորդենք, որ Numbeo-ն տուեալներու մեծ շտեմարան է` աշխարհի քաղաքներու եւ երկիրներու մասին:

2022-էն Հայաստանի Մէջ Պիտի Գործէ Կերպընկալէ Տոպրակներու Գործածութիւնը Արգիլող Օրէնք

1 յունուար 2022-էն սկսեալ Հայաստանի մէջ պիտի արգիլուի կերպընկալէ տոպրակներու որոշ տեսակներու օգտագործումը: Այս մասին օրէնքի նախագիծը հաստատուեցաւ կառավարութեան կողմէ:

Շրջակայ միջավայրի փոխնախարար Իրինա Ղափլանեան ըսաւ, որ յուլիս 2018-էն սկսած է այդ տոպրակներու օգտագործման հանգրուանային արգիլումը` իրազեկման աշխատանք տանելով կերպընկալէ տոպրակ արտադրողներուն, հանրախանութներուն, ճաշարաններուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք ներգրաւուած են այս ծրագիրին մէջ: Արդարեւ, Հայաստան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրով նաեւ պարտաւորութիւն ստանձնած է Հայաստանի մէջ ստեղծել շրջանակային տնտեսութեան սկզբունքները եւ հիմքերը` կարելի եղածին չափ նուազեցնելու աղբի ծաւալները, որոնք այսօր կը կուտակուին Հայաստանի մէջ:

Օրէնքի նախագիծով կը նախատեսուի նաեւ, որ արգելքը ներառէ այն տոպրակները, որոնցմով ապրանք կը տարուի տուն: «Բացառութիւն կը նկատուի կշռափաթեթաւորման պարկերը, որովհետեւ ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ եւրոպական երկիրներու մէջ եւս տակաւին այլընտրանք չկայ: Երկրորդ բացառութիւնը երկրորդական հումքէ պատրաստուած տոպրակներն են, որոնք իբրեւ կանոն` նախատեսուած են աղբի համար», նշեց ան:

Մինչեւ օրէնքին ուժի մէջ մտնելը պիտի կատարուի իրազեկման մեծ աշխատանք հանրութեան համար` մարդոց մօտ ձեւաւորելու տոպրակներու բազմակի օգտագործման մշակոյթը, նաեւ թելադրելու, որ անոնք ընտրեն թուղթէ կամ կերպասէ տոպրակները:

23 յունուարին, նախագիծին ընդունման օրը, քաղաքի բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ արդէն տեղադրուած են այս մասին ծանուցումներ, կը նախատեսուի նաեւ լայն արշաւի ձեռնարկել ընկերային ցանցերով եւ պատկերասփիւռի կայաններու ճամբով:

Լուսինէ Աւետիսեան նշեց, որ տարեկան դրութեամբ սպառողին պիտի տրուի մօտաւորապէս 4000 թոն կերպընկալէ տոպրակ, որ կը կազմէ ընդհանուր կերպընկալէ արտադրողութիւններուն շուրջ 30 տոկոսը:

Ազգային Գրադարանին Մէջ Գրքափոխանակութեան Անկիւն

Գիրքի, գրականութեան երկրպագուները, գալով Հայաստանի Ազգային գրադարան, այսուհետեւ կրնան օգտուիլ նաեւ Գրքափոխանակութեան անկիւնէն, որուն դարաններուն վրայ դրուած են արժէքաւոր հրատարակութիւններ` հայերէնով եւ օտար լեզուներով գիրքեր, կերպարուեստի վերաբերող գրականութիւն, մատենագիտական եւ այլ հրատարակութիւններ:

Յայտնենք, որ գրքափոխանակութեան անկիւնին բացումը կատարուեցաւ յունուար 21-ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանի վարչական մասնաշէնքի առաջին յարկին վրայ:

Գրքափոխանակութեան անկիւնը ներկայացուած գիրքերէն որեւէ մէկը կրնայ յայտնուիլ ընթերցողի գրադարանին մէջ, եթէ անոր փոխարէն ան առաջարկէ այլ գիրք մը, որմէ Ազգային գրադարանին մէջ չկայ եւ կամ մէկ օրինակ կայ:

«Մեր գրադարանին մէջ կը գործէ Գրքափոխանակութեան բաժին, որուն նկուղներուն մէջ  կան տասնեակ հազարաւոր գիրքեր, որոնք կը խոնաւնան: Այդ գիրքերէն շատերը բաժնած ենք մարզային գրադարաններուն: Մեծ մասը փրկելու, շրջանառութեան մէջ դնելու նպատակով որոշեցինք ստեղծել այս անկիւնը: Ընթերցողները կրնան գալ, մեր գրադարանին առաջարկել գիրքեր, որոնք մեզ մօտ քիչ են կամ առհասարակ չկան, եւ այստեղէն ընտրել իրենց գիրքը», նշեց գրադարանի տնօրէն Հրաչեայ Սարիբէկեանը:

Ան շեշտեց, որ Գրքափոխանակութեան անկիւնին մէջ բազմաթիւ հետաքրքրական նախաձեռնութիւններ պիտի իրականացուին. Նոյն անկիւնը պիտի օգտագործուի նաեւ փետրուար 19-ին, Գիրք նուիրելու օրը:

Սարիբէկեան տեղեկացուց, որ գրքափոխանակութեան անկիւնին մէջ կրնան օգտուիլ բոլոր հետաքրքրուողները:

Գրադարանի աշխատակցուհի Լուսինէ Սողոմոնեան, որ այսուհետեւ պիտի աշխատի նաեւ Գրքափոխանակութեան անկիւնը, ըսաւ, թէ գրադարան կ՛այցելեն շատ մարդիկ, որոնց կը հետաքրքրէ Գրքափոխանակութեան անկիւնը: «Վստահ եմ, որ արդիւնաւէտ աշխատանք  կը սպասէ մեզի», նշեց Սողոմոնեան եւ աւելցուց, որ գրքափոխանակութեան նպատակայարմարութիւնը պիտի որոշէ մասնագիտական յանձնախումբը:

«Մշակութային Ժառանգութիւն. Փորձ Եւ Հեռանկարներ Միջազգային Ծիրին Մէջ» Գիտաժողովի Աշխատանքները

 «Մշակութային ժառանգութիւն. փորձ եւ հեռանկարներ միջազգային ծիրին մէջ» խորագիրով միջազգային համաժողովին ընթացքին, յունուար 23-24, հայ եւ օտար փորձագէտներ քննարկեցին մշակութային ժառանգութեան կառավարման եւ խնամքին, ինչպէս նաեւ ոլորտի մասնագէտներու վերապատրաստութեան վերաբերեալ հարցեր:

Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Մատենադարանին մէջ: Անիկա կարելիութիւն ստեղծեց լսելի դարձնելու տարածաշրջանի մասնագէտներուն ձայնը, միտքեր փոխանակելու եւ մշակելու նոր ռազմավարութիւնը` մշակութային արժէքներու արժեւորման, կառավարման եւ պահպանութեան գործին մէջ, որ իր կարգին խթան կը հանդիսանայ երկիրի հասարակական եւ տնտեսական յառաջընթացին համար:

«Գիտաժողովի ծիրին մէջ ծաւալեցան շատ կարեւոր զրոյցներ` միջազգային մշակութային ժառանգութեան մասին, որովհետեւ իւրաքանչիւր մշակութային գանձ համաշխարհային նշանակութիւն ունի եւ մարդկութեան պատմութեան համար չափազանց կարեւոր է: Նախ եւ առաջ ծանօթացանք մասնագէտներու հետ, այնուհետեւ, մշակեցինք յուշարձաններու արժեւորման, ուսումնասիրման վերաբերող քայլեր», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Նարինէ Խաչատուրեան:

Անդրադառնալով մշակութային ժառանգութեան կառավարման ոլորտի բացերուն` Խաչատուրեան ընդգծած է, որ հիմնական հարցերը կապուած են օրէնսդրութեան հետ: «Մեր նախարարութիւնը արդէն կը կատարէ որոշ հանգրուանային փոփոխութիւններ: Ի վերջոյ, այդ յօդուածները եւ կէտերը պիտի քննարկուին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ», շեշտած է նախարարին տեղակալը:

Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ տել Մոնաքօ, խօսելով գիտաժողովի կարեւորութեան մասին` ընգծած է, որ անիկա համախմբած է հիւրեր` Լիբանանէն, Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէ: «Նիւթը, որուն շուրջ կազմակերպուած է ձեռնարկը, միջազգային շրջագիծի մէջ յաճախ կը հնչէ եւ էական նշանակութիւն ունի», շեշտած է ան:

Նշենք, որ գիտաժողովը իրագործուեցաւ «ՌՕՔԵՄՓ» մշակութային ժառանգութեան կառավարման, պահպանութեան, արժեւորման տարածաշրջանային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, Պոլոնիոյ համալսարանի Մշակութային ժառանգութեան բաժանմունքի, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Համագործակցութեան զարգացման իտալական գործակալութեան աջակցութեամբ:

Հայաստան Անկախ Պետութիւններու Հասարակայնութեան Մէջ Ամէնէն Տարածուած Հեղինակային Շրջագայութիւններու Լաւագոյն Հնգեակին Մէջ Է

«Թուր ըսթար» զբօսաշրջութեան ընկերութիւնը պատրաստած է Անկախ պետութիւններու հասարակայնութեան ամէնէն տարածուած ուղղութիւններու եւ երթուղիներու վարկանշային ցանկը` ռուս զբօսաշրջիկներու հեղինակային շրջագայութիւններուն համար:

Երեւանը, Սեւանը եւ Ջերմուկը` Հայաստանի մէջ, Ալմաթին, Ալմաթիի մարզը եւ Պուրապայն ու Աքտաուն` Ղազախստանի մէջ, Մինսկը, Մինսկի մարզը եւ Վիթեպսքը` Պիելոռուսիոյ մէջ, Պաքուն, Շեքին ու Կապալան` Ազրպէյճանի մէջ, Պուխարան ու Սամարղանտը ՈՒզպեքիստանի մէջ ներառուած են ամէնէն աւելի տարածուած ուղղութիւններուն կարգին` Անկախ Պետութիւններու հասարակայնութեան երկիրներուն մէջ` հեղինակային շրջագայութիւններու համար:

Հաղորդենք, որ վարկանիշը կազմուած է հեղինակային շրջագայութիւններու պահանջի եւ հանգիստի առաջարկներու շուկայի վերլուծութեան հիման վրայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Նպատակն Է Եղել` Հաշտեցնել, Հարթեցնել Եւ Խուսափել Ծանր Իրավիճակներից

Յաջորդը

«Չմօտենա՛ք Ինծի, Տիկի՛ն»-ը Ներկայացուեցաւ «Մասրահ Մատինա»-ի Մէջ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?