ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կասկածներ պիտի յառաջանան ձեր մշակած նոր ծրագրին շուրջ: Ձեր ակնկալած նիւթական շահի ստացումը պիտի յետաձգուի: Դժուարութիւնները պիտի յաղթահարէք շնորհիւ ձեր կամքին:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ճակատագրական որոշում մը պիտի տաք: Նիւթական պարգեւ մը պիտի ստանաք` ձեր լաւ աշխատանքին որպէս արդիւնք: Ձեր ազգականներէն նուէրներ պիտի ստանաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Այս օրերու մթնոլորտը տագնապեցնող պիտի ըլլայ: Պէտք է հեռու մնաք վիճաբանութիւններէ, որպէսզի հակառակութիւններ չստեղծուին ձեր եւ ձեր շրջապատին միջեւ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէք: Ձեր շուրջը պիտի հաւաքուին ձեզմով հրապուրուած մարդիկ, որոնք ձեր օրը ուրախ եւ հաճելի պիտի դարձնեն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Մի՛ դանդաղիք ձեր գործին մէջ: Արագացուցէք ձեր աշխատանքի կշռոյթը, որպէսզի կարենաք աւարտել ձեզի վստահուած բոլոր գործերը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Վերապահ եղէք ձեր զգացումները արտայայտելուն մէջ: Ձեր անձնական եւ աշխատանքային կեանքին մէջ նեղութիւններու պիտի հանդիպիք, բայց քաջ եղէք եւ համբերեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր դերը եւ պարտականութիւնը լիուլի պիտի կատարէք: Անձնական գետնի վրայ ձեզի սիրելի նոր յարաբերութիւն մը պիտի մշակէք: Զուսպ եւ արդար եղէք ձեր ակնարկութիւններուն մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, բախտը ձեր կողքին չէ այս շրջանին: Ձեր իշխանութիւնը մի՛ պարտադրէք ձեր շուրջիններուն վրայ: Մի՛ ընկրկիք եւ տոկուն եղէք նեղութեան ժամանակ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Նիւթական հարց մը պիտի քննարկէք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ: Ձեր կողակիցին մտածումները եւ խորհուրդները նկատի առէք ձեր տալիք որոշումներուն մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Վստահեցէք ձեր ուժին եւ կարողութեան: Ձեր ընկերները պիտի քաջալերեն ձեր գործերը եւ դեր պիտի ունենան անոնց յաջողութեան մէջ: Ձեր փափաքները պիտի իրականացնէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր շուրջը նեղութիւն կամ վիճաբանութիւն մը տեղի պիտի ունենայ: Ձեր ընկերութեան հաշուեկշիռը պատրաստելու համար ժողովներ պիտի կազմակերպէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր գործունէութիւններու եւ նախասիրութիւններու ծիրը պիտի ընդլայնի: Ձեր ընկերային յարաբերութիւնները պիտի զարգանան: Առիթ պիտի ունենաք ձեր սիրելիին հետ հանդիպելու հանրային կարգ մը ձեռնարկներու ընթացքին: