ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Բախտը պիտի ուղեկցի ձեր աշխատանքային քայլերուն: Պիտի մասնակցիք հեռաձայնային քննարկումներու, որոնք կարեւոր պիտի ըլլան ձեր գործի ասպարէզին մէջ այս շրջանին:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Նիւթական հարցի մը շուրջ բանավէճ պիտի ունենաք ձեր գործատիրոջ հետ: Պարտքի գումար պիտի չկարենաք վերցնել տիրող վատ պայմաններուն պատճառով: Հանդարտ պահեցէք ձեր ջիղերը, որպէսզի ձեր առողջութիւնը չվնասուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Աշխատանքային պայմանագիրին վերջին սրբագրութիւնները պիտի կատարէք: Իրադարձութիւնները ձեր փափաքածին համաձայն պիտի չըլլան: Ձեր առողջութեան պէտք է հոգ տանիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Մեծ առիթներ պիտի ունենաք` կատարելու ձեր փափաքած աշխատանքը: Մթնոլորտը դրական պիտի ըլլայ: Պիտի արդարացնէք ձեր վրայ դրուած բոլոր յոյսերը:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Զգացական գետնի վրայ նեղութիւն եւ մտահոգութիւն պիտի ունենաք: Աշխատանքային գետնի վրայ ալ ձեր մրցակիցները ձեզ նեղ կացութեան մատնելու ամէն քայլի պիտի դիմեն: Պինդ մնացէք ու դիւանագէտ եղէք ձեր յարաբերութիւններուն մէջ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր բոլոր կարողութիւնները ի գործ դրէք` յաջողցնելու անձնական ծրագիր մը: Ընտանեկան ձեր հարցերուն լուծում պիտի գտնէք: Ձեր գործերը վաղուան մի՛ յետաձգէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը ուրիշներուն վրայ: Յարգանքով վարուեցէք բոլորին հետ եւ սիրալիր ու հոգատար եղէք ձեր ազգականներուն հանդէպ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր իրաւունքները պիտի յաջողիք վերադարձնել: Յաջող քայլեր պիտի առնէք ձեր նոր գործին մէջ: Ձեր ծրագրած ճամբորդութիւնը պիտի յետաձգուի: Անակնկալ մը ձեզ մեծապէս պիտի ուրախացնէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Մի՛ համաձայնիք ձեզի չյարմարող գործի պայմաններուն: Առողջ ու արդար դատողութիւն կատարեցէք ձեր ընկերներուն միջեւ ծագած վէճին շուրջ: Ձեր փափուկ հարցերը հանդարտութեամբ եւ համբերութեամբ լուծեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Զգուշ եղէք, որ ձեր տրամադրութիւնը չվատանայ: Տնային նորոգութիւնները ձեր ժամանակը պիտի խլեն: Նորածինի մը լուրը ձեզ պիտի ուրախացնէ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Հաստատ քայլերով յառաջ պիտի երթաք ձեր գործին մէջ: Ձեր ծնողներու առողջութեան հոգ տարէք: Ընտանեկան հարցի մը շուրջ վերապահ պիտի ըլլաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Համարձակութեամբ պիտի իրագործէք ձեր ծրագիրը: Այս օրերուն բախտը ձեր կողքին պիտի չըլլայ, հետեւաբար արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: