Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Իր Փոքրամասնութիւնները Սնանկացուցած Էր Ահռելի Մեծ Տուրքեր Պարտադրելով

Յունուար 21, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

1915-1923 թուականներուն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ փոքրամասնութիւններու ֆիզիքական գրեթէ ամբողջական ոչնչացումէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1941-ին ձեռնամուխ եղաւ ողջ մնացած հայերու, յոյներու, հրեաներու եւ որոշ թուրք մահմետականներու նիւթական կործանման:

Նախապէս Անգարա բնակող թուրք լրագրող եւ քաղաքագէտ Ուզէյ Պուլութ համապարփակ յօդուած մը տեղադրած է greekcitytimes.com կայքին վրայ` ««Ունեցուածքի հարկին մասին. օրէնքը ինչպէ՞ս Թուրքիոյ տնտեսութենէն հեռացուցած Է ոչ մահմետականները» խորագիրով:

Այդ օրերու վարչապետ Շուքրու Սարաչօղլուի ազգայնամոլական կառավարութիւնը 11 նոյեմբեր 1942-ին ընդունեց «Ունեցուածքի հարկին մասին» օրէնքը: Թէեւ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ վերջին տասնամեակներուն մեծ ուշադրութեան արժանացած է միջազգային հանրութեան կողմէ, սակայն տուրքերու միջոցով անոնց ունեցուածքին բռնագրաւումը այդքան ալ լաւ լուսաբանուած չէ: Պոլսոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները զանգուածային տեղահանութիւններու չեն ենթարկուած օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ` այդ քաղաքին մէջ օտար երկիրներու դեսպանութիւններու ներկայութեան պատճառով. Պոլիսը այդ օրերուն Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքն էր:

Թուրք մտաւորական Պաշաք Ինչէ կը գրէ, որ յայտարարուած նպատակն էր` «տուրքի ենթարկել նախապէս տուրքի չենթարկուած առեւտրական ունեցուածքը եւ զսպել Համաշխարհային Բ. պատերազմի գնաճը: Սակայն ասոր հիմնական պատճառը փոքրամասնութիւնները տնտեսութենէն հեռացնելն էր եւ ոչ մահմետական քաղքենիութեան փոխարինումը իր թուրք գործընկերներով»:

Թուրք ուսումնասիրող Ռիտուան Աքար, որ գիրք գրած է չափազանց մեծ «Ունեցուածքի հարկ»-ին մասին, զայն կը նկարագրէ` իբրեւ «տնտեսական ցեղասպանութիւն փոքրամասնութիւններուն դէմ»:

1941-ի հարկային օրէնսդրութեան համաձայն,  հետեւեալներն են չորս խումբերը եւ անոնց նկատմամբ կիրարկուած տուրքերու տոկոսները. հայեր` 232 տոկոս, հրեաներ` 179 տոկոս, յոյներ` 156 տոկոս եւ մահմետականներ` 4,94 տոկոս:

«Օրէնքի կիրարկման եղանակը խայտառակութիւն էր», կը գրէ քաղաքագիտական գիտութիւններու դասախօս Ինչէ` աւելցնելով. «Հաւատափոխները կը վճարէին մօտաւորապէս երկու անգամ աւելի, քան մահմետականները, մինչդեռ ոչ մահմետականները` տասը անգամ աւելի: Աւելի՛ն. ոչ մահմետականները պարտաւոր էին 15 օրուան ընթացքին իրենց տուրքերը վճարել կանխիկ գումարով. ասոր իբրեւ հետեւանք` անոնք ստիպուած էին աժան գիներով ծախել իրենց առեւտուրը կամ ունեցուածքը մահմետական գործարարներուն` պարտքը փակելու համար: Օրէնքը կը կիրարկուէր նաեւ շատ աղքատ ոչ մահմետականներու դէմ (26 հազար հոգի), ինչպէս` վարորդները, բանուորները եւ նոյնիսկ մուրացկանները, մինչդեռ անոնց մահմետական գործընկերները պարտաւոր չէին վճարել որեւէ հարկ»:

«Անոնք, որոնք չէին կրնար վճարել տուրքերը, կը ղրկուէին Էրզրումի մօտակայքը գտնուող Ասքալէ քաղաքի աշխատանքային ճամբարները, կ՛արտաքսուէին կամ անոնց ունեցուածքը կը գրաւուէր կառավարութեան կողմէ», կը գրէ Պուլութ:

Հեղինակ Սիտնի Նովիլ նկարագրած է աշխատանքային ճամբարը` իբրեւ «տարածք մը, ուր ձմեռը աւելի դաժան է, քան` Մոսկուայի մէջ»: Հարկային պարտապաններուն ստիպած են քարեր կոտրել, սակայն ողբերգութիւնը ատով չէ աւարտած:

«40 հազար հարկային պարտապաններէ մօտաւորապէս հինգ հազար մարդ ուղարկեցին այս ճամբարները, եւ բոլորն ալ ոչ մահմետական համայնքներու անդամներ էին: Դժբախտաբար 21 մարդ մահացաւ այդ ճամբարներուն մէջ, իսկ կառավարութիւնը իւրացուց անոնց ունեցուածքը եւ զայն աժան գինով ծախեց թուրք մահմետականներուն», կը յայտնէ Ինչէ:

Աւելի՛ն. «Կառավարութիւնը բռնագրաւեց նաեւ հարկային պարտապաններու մերձաւոր հարազատներուն ունեցուածքը, նոյնիսկ եթէ անոնք ուղարկուած էին աշխատանքային ծառայութեան»:

Պուլութ մէջբերած է նաեւ պատմաբան Քորի Կուտշթատը, որ իր` «Թուրքիան, հրեաները եւ Ողջակիզումը» գիրքին մէջ գրած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն ոչ մահմետական քաղաքացիներուն «Ունեցուածքի հարկ»-ին պատճառած նիւթական եւ հոգեբանական կործանման մասին: «Մարդիկ, որոնք ի վիճակի չէին վճարելու, դիմումի պարագային կը ստանային երկշաբաթեայ երկարաձգում, սակայն տոկոսային չափը կը գանձուէր նաեւ այս ժամանակահատուածին համար: Բազմաթիւ ընտանիքներ ստիպուած էին ծախելու իրենց խանութները եւ գործառնութիւնները, իրենց տուները, նոյնիսկ` գորգերը, կահոյքը եւ կենցաղային այլ իրեր, որպէսզի հաւաքեն տուրքերու գումարները… Կարգ մը մարդիկ յուսահատութենէ  անձնասպան կ՛ըլլային: Արտասովոր հարկեր կը գանձուէին նաեւ օտարերկրացի հրեաներէ, եւ եթէ անոնք ի վիճակի չէին վճարելու, անոնց ունեցուածքը կը բռնագրաւուէր, մինչեւ մահճակալները եւ պահարանները: Թէեւ օրէնքը կը սահմանէր, որ 55-էն բարձր տարիքի մարդիկ ազատ կացուցուած են աշխատանքային ծառայութենէ, սակայն 75 եւ 80 տարեկան տղամարդոց եւ նոյնիսկ հիւանդ մարդոց քարշ կու տային երկաթուղային կայարան եւ կ՛արտաքսէին»:

«Այս կերպով մենք կը ջնջենք օտարերկրացիներու խիստ վերահսկողութիւնը մեր շուկային մէջ եւ թրքական դրամները կը դնենք թուրքերուն ձեռքը», յայտարարած էր այդ օրերու Թուրքիոյ վարչապետ Սարաչօղլու:

Թուրք ուսումնասիրող Սայիթ Չեթինօղլու շատ ուսումնասիրած եւ գրած է Թուրքիոյ կառավարութեան «Ունեցուածքի հարկ»-ի քաղաքականութեան մասին` պատմական փաստաթուղթերու եւ զոհերու վկայութիւններու հիման վրայ: Ըստ յոյն ծագումով թուրք կնոջ` Մարիքա Շիշմանօղլուի, իր հայրը հարկադրուած էր վճարելու ահռելի մեծ տուրք` 30 հազար թրքական լիրա, որուն գոյացման համար ստիպուած եղած է ծախելու իր երկու տուները եւ խանութը եւ դեռ չէ կրցած վճարել հարկին ամբողջ գումարը: Ուստի, զայն արտաքսած են Ասքալէի աշխատանքային ճամբար: Անոր հօրեղբօր վրայ եւս աննախադէպ հարկային մեծ բեռ դրուած է, ինչ որ զայն հասցուցած է նիւթական կործանման: Զայն եւս արտաքսած են Ասքալէ: Շիշմանօղլուի հայրը սրտի կաթուածէ մահացած է Սիւրիհիսարի աշխատանքային ճամբարին մէջ, 57 տարեկանին:

««Ունեցուածքի հարկ»-ը չեղեալ յայտարարուեցաւ մարտ 1944-ին` Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու քննադատութեանց ճնշման տակ», կը գրէ Պուլութ: «Անիկա, այսպէս կոչուած, «աշխարհիկ» Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնն էր (CHP), որ սահմանեց այս «Ճիզիա-kafir (անհաւատ) հարկը», Թուրքիոյ ոչ մահմետական քաղաքացիներու վրայ»:

«Թուրքիոյ հիմնադիրները եւ գաղափարախօսները 1923-ին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնելէն ի վեր, քարոզած են խտրական եւ թրքական գերազանցութեան մտածողութիւն, որ ինքզինք բացայայտած է «Թուրքիան` թուրքերու համար» կարգախօսով: Բոլոր յաջորդ կառավարութիւնները գիտակցաբար փորձած են կեանքի կոչել այս կարգախօսը` երկրի վրայ կրօնական փոքրամասնութիւններու կեանքը վերածելով դժոխքի: Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (AKP) կուսակցութեան կառավարութեան յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը ընդդէմ ոչ մահմետականներու` պարզապէս այս մտածելակերպի շարունակութիւնն է», կ՛եզրափակէ թուրք լրագրող Պուլութ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Յունուար 1970)

Յաջորդը

SOS. Save Our Souls. Ազատեցէ՛ք Մեր Հոգիները

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?